Ժոմպլաթ. «Զօր. Աուն Իրաւացի Է, Կարելի Չէ Պետական Հաստատութիւն Մը Բռնագրաւել»
By adminx - Thu Jul 26, 7:38 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ իր կատարած վերջին յայտարարութիւնները քաղաքական տարազի սահմաններուն մէջ պիտի մնան` աւելցնելով, որ քաղաքական այդ տարազն է, որ տակաւին կը պահպանէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը: «Երբ այդ տարազը կը քանդուի, կառավարութիւնը կը տապալի», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը պիտի ընդունի զինք` աւելցնելով, որ ինք թագաւորին հետ հանդիպումին ընթացքին անոր պիտի բացատրէ 2011 յունուարին իրեն հետ պատահած իրադարձութիւնները:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հաղորդակցութիւնը կանգ առած է` նկատի ունենալով, որ Հարիրի Սէուտական Արաբիա կը գտնուի: Ան աւելցուց նաեւ, որ Մուխթարայի եւ Մաարապի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ` նշելով, որ երբ ընտրութիւններուն թուականը մօտենայ, խորհրդակցութիւնը կը կատարուի:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր յարաբերութեան անդրադառնալով Ժոմպլաթ ըսաւ. «Հակառակ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական տարակարծութիւններուն, զօր. Աուն իրաւացի է: Պէտք է արդար լուծում գտնել Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցին, որովհետեւ կարելի չէ պետական հաստատութիւն մը բռնագրաւել եւ անոր աշխատանքը արգելակել»:
ՄԻՒՍ կողմէ, Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր Նապիշիթի մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Ժոմպլաթ մեղսակցած է մեծ թիւով լիբանանցի ղեկավարներու սպանութեանց կազմակերպութեան:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



