Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Thu Jul 26, 7:36 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քննարկեց Լիբանանի դիւանագիտական նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ իր պատասխանատուներէն երկու հոգի ձերբակալեց Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարելու յանցանքով:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 700 լ. ոսկիով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է պաշտպանէ Լիբանանի սահմանները` որեւէ ոտնձգութեան դէմ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը թիրախ դարձնելու մահուան սպառնալիքները շատ լուրջ են: Նոյն օրաթերթը կը նշէ նաեւ, որ երեսփոխան
Աքրամ Շեհայէպի դէմ ուղղուած մահուան սպառնալիքները պատճառ դարձած են, որ ան Փարիզի մէջ մնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմեթ Ֆաթֆաթ պահանջեց վտարել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, ինչպէս նաեւ պահանջեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հրաժարականը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ դաշինքը խախտել` ընդգծելով, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու նպատակով ջանքերը ի զօրու են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծման առումով Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ոչ մէկ համաձայնութիւն կարելի է գոյացնել, առանց Ամալ շարժումին համաձայնութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հըզպալլայի ամբողջ կարողականութիւնը զետեղած է Սուրիոյ տրամադրութեան տակ:
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի ազգային գերիշխանութեան կառչած մնալը յստակ է եւ կարելի չէ զայն անտեսել կամ այդ մասին քննարկումներ կատարել:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Դամասկոս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի բողոքին դէմ քայլ մը պիտի առնէ Լիբանանի մէջ իր դաշնակից քաղաքական ուժերուն միջոցով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծումը ընթացքի մէջ է:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան հրաժարականը պատճառ պիտի դառնայ, որ Լիբանան շատ սուղ վճարէ անոր համար:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթը կը գրէ, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պատասխանատուները ստացած են մահուան սպառնալիքներ:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր կոչ ուղղեց լիբանանեան մակարդակի ըմբոստութիւն մը կազմակերպելու` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով: «Կոչ կ՛ուղղեմ փողոց իջած եւ սուրիական ուժերը վտարած Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երիտասարդութեան անգամ մը եւս ուղղուելու փողոց եւ շարժելու այս ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը շեշտեցին, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումներուն, ինչպէս նաեւ գնահատեցին Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ դէմ բողոքելու որոշումը: Անոնք կոչ ուղղեցին Հըզպալլայի` վար առնելու իր զէնքը եւ ապազինուելու, որպէսզի Իսրայէլ պատճառաբանութիւն չունենայ Լիբանանի դէմ յարձակում գործելու:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



