Thursday May 23, 2013

«Եթէ Ասատ Այսօր Որոշէ Իշխանութենէն Հրաժարիլ, Զինք Պիտի Փոխարինէ Իր Շրջապատէն Եղող Աւելի Խիստ Մէկը» Կ՛ըսէ Չուրքին

By adminx - Thu Jul 26, 7:29 am

Վիթալի Չուրքին

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ցուցմունքներ ստանալու համար Մոսկուայէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան սպասող ռուսական խամաճիկ մը չէ»:

Ան շեշտեց, որ Ասատ մաս կը կազմէ սուրիական իշխանութեան համակարգին, որ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համապատասխանելու համար կը կարօտի բարեփոխման, սակայն այնպիսի ձեւով մը, որ իր ներկայացուցած հատուածին չվնասէ:

Ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ «եթէ Սուրիոյ նախագահը այսօր որոշէ իշխանութենէն հրաժարիլ, ամէնէն հաւանականը այն է, որ զինք փոխարինէ իր շրջապատէն եղող աւելի խիստ մէկը»:

Չուրքին նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն համար պատասխանատու նկատելը վնասեց երկու երկիրներու յարաբերութեանց»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Անանի ծրագիրը գործադրել` աւելցնելով, որ «Ռուսիա Եւրոպական Միութեան միջոցառումները, որոնք Սուրիոյ վրայ ծովային եւ օդային պաշարում կը հաստատեն, անարդիւնաւէտ կը նկատէ եւ Սուրիոյ վրայ միակողմանի կերպով հաստատուած պատժամիջոցները չի ճանչնար»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու նոր հրամանատար սենեկալցի Պապաքար Կայ հասաւ Դամասկոս` ստանձնելու համար իր պաշտօնը: Նշենք, որ Պապաքար Կայ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու նախկին հրամանատարն է եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ իր ներկայ պաշտօնին նշանակուեցաւ, հակառակ անոր որ իր դէմ ձերբակալման միջազգային հրամանագիր գոյութիւն ունի:

Զօր. Մանաֆ Թլաս պաշտօնապէս սուրիական իշխանութենէն իր անջատումը յայտարարեց` վստահեցնելով, որ «Սուրիա անհատներէն մեծ է»: Ան ըսաւ, որ «մեր պարտականութիւնն է այս վարչակարգին առիթ չտալ»` շեշտելով, որ Սուրիոյ բանակի պատուաւոր անդամները այս ոճիրները չեն ընդունիր:

Թլաս կոչ ուղղեց Սուրիոյ ամբողջականութիւնը պահպանելու` շեշտելով, որ պէտք է «ի շահ միասնական Սուրիոյ եւ անկախ հաստատութեանց աշխատինք»: Ան նշեց, որ «պէտք է ի շահ յետասատեան Սուրիոյ միանանք»` յայտնելով միաժամանակ, որ «մեր պարտականութիւնն է ժողովրդավար ու ազատ Սուրիա մը կառուցելու համար միանալ»: Նշենք, որ Թլաս քանի մը օր առաջ Մեքքա ուխտագնացութեան գացած էր:

Թուրքիոյ մաքսային գործերու նախարար Հայաթ Եազըճի յայտարարեց, որ Թուրքիա կը փակէ Սուրիոյ հետ իր սահմանային անցակէտերը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւններուն որոշումը առնչուած է այն իրողութեան, որ Սուրիական ազատ բանակի անդամները վերջերս բազմաթիւ անգամներ յարձակում գործած են Թուրքիոյ հետ սահմանային անցակէտերուն վրայ:

Թրքական պետական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիա չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ «ապահովական պատճառներով» կը փակէ Սուրիոյ հետ իր սահմանային անցակէտերը: Ան ըսաւ, որ «այս որոշումը մեր քաղաքացիներուն համար տուինք»` աւելցնելով, որ «սահմանային անցակէտերու վերաբացումը կախեալ է գետնի վրայ զարգացումներէն»: «Որոշումը թուրք քաղաքացիներուն կը վերաբերի, իսկ օտարահպատակները, որոնք կը փափաքին Սուրիա մուտք գործել, պիտի ստիպուին ստորագրել փաստաթուղթ մը, որ իրենց տեղեակ պիտի պահէ իրենց սպասող վտանգներէն»:

Ռուսական «Նովիէ Իզվեսթիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քայիտայի անդամ զինեալներու` սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ գտնուիլը այլեւս անհերքելի փաստ մըն է, իսկ տարակարծութիւնը միայն անոնց թիւին շուրջ է` նշելով, որ ըստ ոմանց, անոնց թիւը վեց հազար է:

Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարց

Բրիտանական որոշ լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով Բրիտանիոյ թագաւորական միացեալ ուժերու հիմնարկի հրապարակած զեկուցումին, կը գրեն, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք Արեւմուտքը կրնայ 300 հազարնոց զօրախումբ մը Սուրիա ուղարկել:

Հիմնարկի փորձագէտներու զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ սուրիական վարչակարգի տապալումը կրնայ լայնածաւալ տագնապի պատճառ դառնալ թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ ատոր սահմաններէն դուրս: Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ այժմ տագնապը դրացի երկիրներ տեղափոխել կանխարգիլելը աւելի այժմէական հարց է:

Արեւմտեան երկիրներու ուշադրութեան կեդրոնը ներկայիս Սուրիոյ քիմիական զէնքի պահեստներն են: Ըստ զեկուցումին, որպէսզի քիմիական զէնքը չյայտնուի ահաբեկիչներու ձեռքը, պէտք է Սուրիոյ մէջ առնուազն 75 հազարնոց ուժեր տեղակայուին, իսկ Արեւմուտքի զօրքի ընդհանուր թիւը` Սուրիոյ մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար, պէտք է շուրջ 300 հազար ըլլայ:

«Արեւմտեան երկիրները, որոնք շատոնց արդէն կ՛աշխատին Ասատի տապալման համար, պէտք է վախնան այն բանէն, թէ ատկէ ետք ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ: Սուրիան պիտի պայթի` իր խնդիրները տարածելով ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ: Այդ պայթումը կրնայ կարողական աղէտի յանգեցնել», ըսած են նշեալ հիմնարկէն:

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնած է, որ «Դամասկոսէն ուժեղ երաշխիքներ ստացանք, թէ իր քիմիական սպառազինութիւնը կատարելապէս ապահով է»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճորճ Լիթըլ իր կարգին յայտարարեց, որ նախարարութեան ունեցած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական իշխանութիւնները երկրին մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներու ապահովական միջոցառումները ամրապնդած են:

Լիթըլ ըսաւ, որ այդպիսի պահեստանոցներու ապահովութեան պատասխանատուները սուրիական իշխանութիւններն են` նշելով, որ «Ուաշինկթըն սուրիական քիմիական զէնքերուն հարցով կացութեան հետեւած է» եւ «սուրիական իշխանութիւնները նշեալ ժամանակահատուածի ընթացքին զէնքերու պահեստանոցներու ապահովութիւնը ամրապնդած են»:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Սուրիոյ դեսպան Ապտել Լաթիֆ Տապաղ սուրիական վարչակարգէն անջատուեցաւ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան Քաթար կը գտնուի: Մէկ օր առաջ նոյն քայլին դիմած էր անոր կինը` Կիպրոսի մէջ Սուրիոյ դեսպան Լամիա Հարիրին, եւ տեղափոխուած Քաթար:

 

 

Leave a Reply

Advertisement