Լիպըրման. «Իսրայէլ Անմիջապէս Եւ Կարելի Ամէնէն Ուժեղ Ձեւով Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Հըզպալլային Քիմիական Զէնքեր Փոխանցուին»
By adminx - Thu Jul 26, 7:27 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ «Իսրայէլ անմիջապէս եւ կարելի ամէնէն ուժեղ ձեւով պիտի հակադարձէ, եթէ Հըզպալլային սուրիական քիմիական զէնքեր փոխանցուին»:
Լիպըրման շեշտեց, որ «եթէ սուրիական քիմիական զէնքերու Հըզպալլայի փոխանցում նկատենք, ապա կարելի ամէնէն ուժեղ կերպով պիտի վարուինք»:
Ան ըսաւ, որ այդպիսի գործողութիւն մը «պատերազմի պատճառ» պիտի ըլլայ` նշելով, որ ատիկա «կարմիր գիծ մըն է, զոր պէտք է շրջանցել, պատգամ մըն է, որ եւրոպացիներուն, ամերիկացիներուն, ՄԱԿ-ին եւ Ռուսիոյ փոխանցեցինք»:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




