Tuesday Jun 18, 2013

Թուրքիա Կը Պաշտպանէ Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութիւնը. «Սուրիոյ Մէջ Քիւրտիստանի Մը Հիմնումը Անընդունելի Է»

By adminx - Thu Jul 26, 7:25 am

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ դիրք ճշդած է եւ ամէն կերպով կը զօրակցի Ասատի ընդդիմադիրներուն, յանկարծ անակնկալ եւ անախորժ կացութեան մը հետ դէմ յանդիման մնաց: Հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ քիւրտերը շարժման անցած են Սուրիոյ մէջ ալ Քիւրտիստան մը հիմնելու համար: Իրաքի Քիւրտիստանէն ետք ասիկա պիտի դառնայ երկրորդ Քիւրտիստանը, եւ Թուրքիա, որ հազիւ թէ կը հանդուրժէ հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտերու ինքնավարութեան կամ Քիւրտիստանի մը գոյութիւնը, այժմ ամէն գնով պիտի պայքարի, որպէսզի մեկուսացնէ իր սահմաններուն մօտ երկրորդ Քիւրտիստան մըն ալ ունենալու վտանգը:

Երկուշաբթի Անգարա տենդագին օր մը ապրեցաւ այս հարցով: Հալէպի մէջ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Ատնան Քեչեճի ետ կանչուեցաւ` տրուած ըլլալով, որ Հալէպի շուրջ ալ կռիւներ սկսան եւ կեանքի ապահովութիւն չկայ: Հիւպատոսը Անգարա եկաւ եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Թուրքիա այժմ Սուրիոյ ընդդիմադիր ու ապստամբ ուժերը պիտի զգուշացնէ` ըսելով, որ Թուրքիա կողմնակից է Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան: Թուրքիա կողմնակից չէ, որ Ասատը հեռացնելու ռազմավարութեան մէջ Սուրիոյ հողերը բաժնուին խումբերու միջեւ: Ընդդիմադիրները պէտք է սթափին եւ Ասատի դէմ պայքարը շարունակելով հանդերձ պատրաստեն Պաաս կուսակցութեան յաջորդելու կոչուած նոր շրջանը:

Տակաւի՛ն, Թուրքիա կը վախնայ, որ Պաշշար Ասատ յուսահատութեան բերումով կը սկսի իր քաղաքացիներուն դէմ գործածել քիմիական զէնք, այնպէս ինչպէս 1988 թուականին Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյն ըրած էր Հալապժայի մէջ: Եթէ Թուրքիոյ սահմաններուն մօտիկ շրջաններու մէջ քիմիական զէնք գործածուի, ատկէ կ՛ազդուին նաեւ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջանները: Թուրք զինեալ ուժերը, գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի զօրակցութեամբ, սկսան զբաղիլ այս հարցով եւս:

Թուրքիա հիմա Սուրիոյ մէջ մարտնչող երկու կողմերէն ալ մտահոգութիւններ ունի: Առաջին մտահոգութիւնը կու գայ Ասատի վարչակարգէն: Թուրքիա կը պնդէ, որ Ասատ պէտք է հեռանայ եւ արդէն շուտով պիտի հեռանայ: Երկրորդը կու գայ ընդդիմադիր ուժերէն եւ այս ուժերը իր ծոցին մէջ համախմբող Սուրիոյ Ազգային խորհուրդ կոչուած մարմինէն: Թուրքիա խիստ ազդարարութիւն ուղղեց այս մարմինին ալ եւ յիշեցուց, որ Թուրքիա չի կրնար հանդուրժել երկրորդ Քիւրտիստանի մը ստեղծումը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement