ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղ. Խանասորի Արշաւանքի 115-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
By adminx - Thu Jul 26, 7:19 am
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Կազմակերպիչ մասնաճիւղին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զատիկ Ունանեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Խանասորի արշաւանքը` նշելով, որ արշաւանքէն 87 տարիներ ետք նոյն թուականին դաշնակցական ընկերներ այլ գործողութեամբ ցնցեցին համայն աշխարհը: Ան իր շեշտը դրաւ ուխտին անփոփոխ մնալուն եւ վերանորոգուելուն վրայ եւ ըսաւ. «Այսօր ԼԵՄ-ը իր խիտ շարքերով կանգնած է թշնամի Թուրքիոյ դէմ եւ նոյն աշխատասիրութեամբ ու նուիրումով կը շարունակէ պահանջել արդարութիւն, ճանաչում, հատուցում, ինչպէս նաեւ վերադարձ դէպի Երկիր»:
Օրուան բանախօս Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան ներկայացուց Խանասորի արշաւանքին պատգամը` ըսելով, որ թէեւ 115 տարիներու թաւալումը կրնայ արշաւանքին հմայքէն շատ բան կորսնցնել, սակայն «Խանասորի վճռորոշ գոյամարտի այժմէականութիւնը կու գայ հաստատելու, որ ժամանակի մաշումին տոկացող բացատրութիւններ եւս գոյութիւն ունին. Խանասորի իմաստը ոչ միայն չէ խամրած ժամանակի թաւալումին հետ, այլեւ նոր ուղի եւ հորիզոններ կը բանայ նաեւ երիտասարդներուն դիմաց»: «Յատկապէս մեր օրերուն որքա՛ն այժմէական կը հնչէ Խանասորի հարիւրամեայ խորհուրդը` անարդարութեան դէմ ծառանալու, բռնակալներու կամայականութեամբ պարտադրուած սահմանները մերժելու եւ կատարուած իրողութեան համակերպող ամբոխային տրամաբանութեան դէմ յեղափոխական կամք դրսեւորելու ու կացութիւններ շրջելու կարիքը», ըսաւ ան: Փամպուքեան նշեց, որ «Խանասորի արշաւանքը հիմնական յեղաշրջում մըն էր ո՛չ միայն քիւրտին եւ թուրքին, այլ նաեւ հայութեան հոգիին մէջ»:
Կ. Փամպուքեան խօսեցաւ հերոսական գաղափարախօսութեան ծնունդին եւ հետեւաբար հայուն իր սեփական ուժին վստահելուն մասին: Ան անդրադարձաւ Հայաստան – սփիւռք հաստատ կամուրջներ կերտելու եւ հայոց ազգային ու պետական տունը կարգաւորելու հրամայականին, «ընկերային-կենցաղային արդարութիւն ու բարօրութիւն հաստատել եւ համազգային օրակարգով ուժերու համադրում իրագործել` համակարգը ամրապնդելու ու գօտեպնդելու համար», ըսաւ ան:
Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանի «Սիփան» պարախումբը «Զարթօնք» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» պարերով (պարուսոյց` Գարինա Ալեքսանդրեան), Զատիկ Ունանեան` «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» ասմունքով եւ Վիգէն Տիշչեքենեան` յեղափոխական երգերով:
- 0 Comments
- 140 views
- Tweet
Email
Print






