Wednesday May 22, 2013

Հաղորդագրութիւն

By adminx - Thu Jul 26, 7:17 am

Երկուշաբթի, 23 յուլիս  2012-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան` ընկերակցութեամբ հայերէնի բաժանմունքի պատասխանատու Անի Տաքէսեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի հետ: Դեսպան Քոչարեան գնահատեց լիբանանահայ վարժարաններու ծաւալած աշխատանքը եւ ընդգծեց Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի բերած ներդրումը ազգապահպանման հոլովոյթին մէջ: Ան տնօրէնին յանձնեց Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի շնորհաւորագիրը եւ սրտի խօսքը: Նախարարութիւնը կը պարգեւատրէ հայապահպանման անփոխարինելի կռուաններէն մէկը հանդիսացող Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը` անոր ջամբած ազգային ու հոգեւոր կրթութեան համար, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորէ տնօրէնութիւնը վարժարանին 90-ամեակին առիթով:

Նշենք, որ վարժարանիս տնօրէնութիւնը իր կարգին շնորհակալական գիր յղեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց նախարարութեան` անոնց ցուցաբերած համագործակցութեան համար:

Leave a Reply

Advertisement