Յուշատետր. Թերթը Հաց Է
By adminx - Thu Jul 26, 5:42 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Ամէն առտու, կանուխ արթննալէ ու աշխատիլ սկսելէ առաջ պահ մը կը մօտենամ պատուհանին ու կը նայիմ, թէ դուրսը կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ այդ առաւօտ եւս: Ճիշդ է, ամէն առաւօտ կեանքը կարծես դարձեալ կը սկսի, կարծես կեանք կոչուածը գիշերուան մէջ ընդհատուած էր ու հիմա` առաւօտուն դարձեալ կը ստեղծուի, դարձեալ ընթանալ կը սկսի: Կարծես թէ բնութեան բոլոր տարրերն ալ մարդոց նման քնացած էին գիշերուան ժամերուն ու հիմա կը սկսին մի առ մի արթննալ, բանալ իրենց աչքերը ու կատարել այն պարտականութիւնը, որ յանձնուած է իրենց: Առաւօտեան այս զարթնումը հրաշք մըն է ինծի համար, այս զարթնումը իմ սեփական անձիս ալ վերածնունդն է կարծես: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ բնութեան բոլոր տարրերուն հետ միասին ես ալ նոր կեանքի մը համար կը վերածնիմ ամէն առաւօտ: Սիրտս ապրելու ուրախութեամբ կը լեցուի:
Բայց կայ տեսարան մը, որ նմանապէս ամէն առտու որոշ ուրախութեամբ մը կը լեցնէ սիրտս: Այդ տեսարանը բնաւ կապ չունի բնութեան վերազարթնումին ու մեր սեփական վերածնունդին հետ: Ասիկա մեր վերին թաղերու շէնքերու քանի մը դռնապաններուն ստեղծած պատկերն է:
Արդարեւ, ամէն առտու, եթէ պատուհանին առջեւ կանգ առնեմ գոնէ երեք կամ չորս վայրկեան, անպայման կը տեսնեմ մէկ երկու դռնապաններ, որոնք իրենց երկու ձեռքերուն մէջ մէկ-մէկ ծրար, զառիվերէն կը մագլցին շուկայէն վերադարձի գծով: Երկու ծրարներէն մէկուն մէջ քանի մը հատ հաց կայ, միւս ծրարին մէջ ալ` քանի մը հատ լրագիր: Անոնք իրենց շէնքին մէջ բնակող տանտէրներուն հացն ու թերթը կը տանին ամէն առտու առտուան այս կանուխ ժամուն: Այս տեսարանն է, որ սիրտս ուրախութեամբ կը լեցնէ:
Եթէ հարցուի, թէ ի՞նչ կայ այս տեսարանին մէջ մարդուս ուրախութիւն պատճառող, պիտի պատասխանեմ հետեւեալը.
- Ինծի համար ո՛չ մէկ եղբայրութիւն, ո՛չ մէկ միասնութիւն այնքան արժէքաւոր ու իմաստալից է, որքան հացին ու թերթին եղբայրութիւնը, որքան հացին ու թերթին միասնութիւնը:
Զարմանալի է: Այս դռնապանները ամէն առտու միայն երկու բան կը տանին իրենց հետ. հաց եւ թերթ: Ուրիշ բան չկայ: Քիչ վերջ անոնք հաւանաբար դարձեալ շուկայ պիտի իջնեն, նոր գնումներ պիտի ընեն` գոհացում պատճառելով իրենց տանտէրներուն, բայց առտուան այս ժամուն, երբ իրենց տանտէրները վստահաբար կը քնանան տակաւին, անոնք ինքնաբերաբար կ՛իջնեն շուկայ ու կ՛ապահովեն իրենց տանտիրոջ հացն ու թերթը: Մէկ ձեռքին մէջ հաց. միւս ձեռքին մէջ` թերթ:
Հացը սուրբ է: Ամէն առտու մարդոց նախաճաշի սեղանը կ՛օրհնուի հացով: Փռապանը գիշերուան ո՞ր ժամուն աշխատիլ կը սկսի, որպէսզի առտուան ամենականուխ ժամերուն իր փուռէն դուսր կարենայ հանել հրաշալի բուրմունքով իր հացը:
Բայց կ՛երեւի, թէ հացին չափ կարեւոր ու կենսական է նաեւ թերթը: Խմբագիրն ու հրատարակիչը գիշերը որքա՞ն ու ի՞նչ ծանր աշխատանք տանին, որպէսզի անոնք ալ առտուան ամենականուխ ժամերէն սկսեալ իրենց թերթը դնեն կրպակներու առջեւ օրուան թերթը փնտռող դռնապաններուն ու ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:
Կը մտածեմ այս տեսարանին դիմաց: Որքա՛ն լաւ է, որ հացն ու թերթը դրուած են հաւասար մակարդակներու վրայ, որքան լաւ է, որ աշխարհի ամէնէն ծոյլ մարդուն համար իսկ օրը կը սկսի հացով ու թերթով հաւասարապէս: Թերթին համար ի՜նչ հպարտութիւն է, որ դարձած է հացին համազօր արժէք:
Ես խմբագիր եմ ու ամէն օր թերթ կը հրատարակեմ: Բայց այն թերթերուն մէջ, զորս դռնապանները ամէն առտու կանուխ կը գնեն կրպակներէն ու կը տանին իրենց տանտէրներուն, իմ հրատարակած թերթը չկայ: Մէկ հատ իսկ չկայ եւ պիտի չըլլայ: Իմ թերթը տարբեր տեսակի թերթ է: Իմ թերթը մասնաւորներու համար հրատարակուած թերթ է: Իմ թերթը առտուան ժամերուն ալ չի վաճառուիր, իրիկնային թերթ է: Բայց խնդիր չէ: Դռնապաններուն կողմէ տուն տարուած թերթերուն մէջ ես կը տեսնեմ պատիւ մը, որ անուղղակի կերպով կ՛ընծայուի իմ հրատարակած թերթիս ալ: Ամէն առտու դռնապաններու պատկերին մէջ ես կը տեսնեմ, որ իմ հրատարակած թերթն ալ եղբայրացած է սուրբ հացին հետ, ան ալ ընկերակիցը դարձած է սուրբ հացին: Իմս թերեւս իրիկնային հացին եղբայրն է, բայց ան ալ հացին հետ կը դրուի նոյն նժարին կամ նոյն սեղանին վրայ:
Հիմա գիտեմ` ոմանք կրնան առարկել ու ըսել.
- Աշխարհի վրայ որքան շատ մարդ կայ, որ կ՛ապրի առանց թերթ կարդալու, մինչ մէկ հոգի իսկ չկայ, որ կարենայ ապրիլ առանց հացի: Հացը գոյատեւման պայման է, բայց թերթը գոյատեւման պայման չէ:
Ճիշդ է: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ մարդուս գոյատեւումը երկու մակարդակի վրայ է, առաջինը ստամոքսի մակարդակ, երկրորդը` ուղեղի մակարդակ: Առաջնահերթութիւնը ստամոքսի մակարդակով գոյատեւմանն է: Մարդը նախ պիտի կշտանայ, որպէսզի ապրի: Բայց ստամոքսի մակարդակով գոյատեւումը կեանքի ամէնէն ցած մակարդակն է: Ստամոքսի մակարդակով գոյատեւումէն վերջ կու գան տարբեր մակարդակներով զանազան գոյատեւումներ, որոնցմէ ամենաբարձրը ուղեղի մակարդակով գոյատեւումն է: Եւ այս վերջին հացը, սնունդը թերթն է ամէն բանէ առաջ: Թերթն է, որ կը խորհրդանշէ մշակոյթի բոլոր միւս գործիքները, ինչպէս` գիրք, արուեստ, գիտութիւն եւ դեռ շատ բան: Թերթն է, որ կ՛արժեւորէ ու սննդարար կը դարձնէ մշակոյթի բոլոր միւս արտադրութիւնները, ինչպէս որ հացն ալ կ՛արժեւորէ ու սննդարար կը դարձնէ ճաշասեղանի վրայ դրուած բոլոր միւս ուտելիքները:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



