Tuesday Jun 18, 2013

Գաղութէ-Գաղութ

By adminx - Thu Jul 26, 5:34 am

Սուրիա

Մխիթարեան Վարժարանի
76-րդ Հունձքը

30 յունիսին տեղի ունեցաւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ա.- Թ. կարգերու աշակերտները:

Յայտագիրը կը բովանդակէր հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանութիւններ, նուագ, պարեր: Ներկայացուեցաւ նաեւ աստուածասէր եւ ազգասէր Մխիթար Սեբաստացի աբբահօր կենսագրութիւնը:

Արիստակէս ծ. վրդ. Մանուկեան իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, որ բոլոր աշակերտները իրաւունք ունին բեմ բարձրանալու, ի մտի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ դպրոցական հանդէսը առաջին բեմական փորձառութիւնն է տաղանդաւոր աշակերտներու համար: Ապա շնորհաւորեց եւ օրհնեց շրջանաւարտները` մաղթելով բարի երթ իրենց կեանքին մէջ, ուրկէ պիտի բացուին նոր հորիզոններ: Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատքի ու աստուածապաշտութեան անհրաժեշտութեան, աշխատասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ ամէնէն կարեւորը` հայրենասիրութեան խոր գիտակցութեան:

 

Թեհրան

Բարեգործական Համերգ`
Նուիրուած
«Ակունք» Կեդրոնին

Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի,  նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ իրանահայ երգողներ Հանրի եւ Շաքէ Յարութիւնեաններուն, 5 յուլիսի Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ` նուիրուած մարմնամտային խանգարումներով հայ երեխաներուն օժանդակող «Ակունք» կեդրոնին, անոր հիմնադրութեան 15-ամեակին առթիւ:

Համերգին որպէս հրաւիրեալ երգիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին` Լուսինէ Միքայէլեան եւ Արա Զարքարեան դաշնակի ընկերակցութեամբ` Ռուբէն Արզումանեանի, Լուիզա Աւետիսեանի եւ Կարէն Մեհրաբեանի: Ներկայացուեցաւ ազգային, դասական, ժողովրդական եւ էսդրատային երգերու փունջ մը հայերէն, պարսկերէն, անգլերէն եւ իտալերէն լեզուներով:

 

Մոսկուա

«Առասպելներ Ղարաբաղի Խնդրի Շուրջ».
Գիրքի
Ներկայացում

Նախաձեռնութեամբ Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութեան,  վերջերս հրատարակուեցաւ ռուս յայտնի վարլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովի «Առասպելներ Ղարաբաղի խնդրի շուրջ» գիրքը:

Կազմակերպութեան նախագահ` Եուրի Նաւոյեան յայտնեց, թէ նման գիրքերու հրատարակութիւնը շարունակական պէտք է ըլլայ:

Գիրքի հեղինակ, քաղաքագէտ Սթանիսլաւ Թարասով յայտնեց, թէ հրատարակութեան նպատակն է` օգնել Ռուսիոյ` վերլուծելու իրավիճակը եւ տալու ճիշդ որոշումներ: Հարկ է առարկայականօրէն տիրապետել պատմական կաղապարին, որպէսզի իրական քաղաքականութիւն կառուցուի: Գիրքը ուղեցոյց է ռուսական դիւանագիտութեան համար:

«Արցախի բարեկամներ» ակումբի նախագահ Էդուարդ Գուլեան շեշտեց շնորհահանդէսին առանձնայատկութիւնը, որ համակարգուած, հետեւողական եւ հիմնաւոր բնոյթի աշխատանք է:

 

Հնդկաստան

Մարդասիրական Ճեմարանի
7
Աշակերտներ Մկրտուեցան

15  յուլիսին Հայոց մարդասիրական ճեմարանի (Կալկաթա, Հնդկաստան) աշակերտները եւ ուսուցիչները, Կալկաթայի հայ համայնքը նշեցին Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը (Վարդավառ):

Կալկաթայի Ս. Նազարէթ մայր եկեղեցւոյ մէջ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան մատուցեց Ս. պատարագ, որմէ ետք Մարդասիրական

ճեմարանի մեծ ընտանիքի հայաստանցի 7 սաներ` Ալվարդ Նիկողոսեան, Մարիամ Աւետիսեան, Գէորգ Մկրտիչեան, Սիրվարդ Յովհաննէսեան, Գեղամ Բադալեան, Աւետիս Աւետիսեան եւ Տաթեւ Եղոյեան մկրտուեցան: Անոնց կնքահայրեր դարձան Մարդասիրականի աւագ ուսանողները: Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան անոնց յանձնեց խաչեր եւ նուէրներ:

 

Լոնտոն

«Անուշ» Օփերայի Ներկայացումը

Յուլիս 6-ին Լոնտոնի «Թապեռնաքլ» համալիրի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան կատարողութեամբ` «Լոնտոնի հայկական օփարա»-ին:

Հինգ արարներով ներկայացուած օփերային մէջ դերեր ստանձնած էին`  Թերեզա Գէորգեան,  Վահէ Պեկոյեան, Արիս Նատիրեան եւ Անահիտ Եղոյեան: Նուագախումբը կը ղեկավարէր Լեւոն Բարիքեան:

«Լոնտոնի հայկական օփերա»-ի  գեղարուեստական ղեկավար Արիս Նատիրեան նկատել տուաւ, որ այս տարին յատուկ կարեւորութիւն ունի իրենց համար,  որովհետեւ կը նշեն իրենց օփերային  100-ամեակը:

 

Ֆրանսա

Խանասորի Արշաւանքի 115-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ի, Կապոյտ խաչի եւ «Նոր սերունդ»-ի, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ Խանասորի արշաւանքի տարեդարձին աւանդական նշումը:

Շաւիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ արշաւանքի հերոս` իշխան Յովսէփ Արղութեանի, զոհուած իր 19 ընկերներուն, ինչպէս նաեւ Շաւիլի շրջանի դաշնակցական գործիչներուն: Ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ Շաւիլի գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի իշխան Արղութեանին շիրիմը: Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Լորիս Թուֆանճեան («Նոր սերունդ») եւ Դրօ Էքմեքճեան (ՀՅԴ), որոնք պատմականը ըրին 25 յուլիս 1897-ին, Վարդանի եւ Արղութեանի հրամանատարութեամբ տեղի ունեցած վրիժառու գործողութեան, պատժելու համար քիւրտ մազրիկ ցեղի կատարած վայրագութիւնները` Վանի նահանգին մէջ:

Ապա ներկաները գացին մօտակայ Վիրոֆլէի «Փարք տը պըն ռեփօ», ուր ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած էր գիրքերու տաղաւար մը, ուր ներկայ եղաւ Րաֆֆի Շարթա իր «Լէ զ՛անֆան տը լուպլի» վերջին վէպը մակագրելու համար:

Օրուան բանախօս Մուրատ Փափազեան  շեշտը դրաւ պատժելիութեան յառաջիկայ օրէնքի ընդունման գործընթացին շուրջ տարուելիք աշխատանքներուն վրայ` կրկնելով, որ այս նպատակը պիտի հետապնդուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ռուբինա Փիրումեան Ներկայացուց
Իր
Նոր Գիրքը

Կազմակերպութեամբ «Եու. Սի. Էլ. Էյ»-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի «Նարեկացի» ամպիոնի ընկերներ կազմակերպութեան խորհուրդին եւ «Ապրիլ» գրախանութին, հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, 28 յունիսին Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. աղէտի տարիները վերապրածներու զգացողութիւնները» անգլերէն լեզուով գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ: Գիրքի ուսումնասիրութեան առարկան Ցեղասպանութեան թեմայի արտացոլումն է գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Հոն ներկայացուած են Ցեղասպանութեան առաջին սերունդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, թէ աղէտը ինչպիսի՛ հոգեբանական ազդեցութիւն ունեցած է  անոնց վրայ:

Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւններուն համար օգտուած է Յակոբ Օշականի, Մուշեղ Իշխանի, Շահան Շահնուրի, Վազգէն Շուշանեանի,  Համաստեղի եւ այլ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններէն եւ յուշագրութիւններէն: Ան փորձած է գտնել հայ մարդուն հոգեկան վիճակը, ապրած սարսափելի տեսարաններուն եւ կրած տառապանքի ցաւը, որ անդառնալի հետք ձգած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն  եւ յաջորդ սերունդներուն վրայ:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան «Եու. Սի. Էլ. Էյ»-ի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնի ընկերներ կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Ջիա Այվազեան եւ ամպիոնի նախագահ, փրոֆ. Փիթըր Քաուի:

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 37-րդ Մարզախաղերը
Հայկականութեամբ
Գօտեպնդեցին Մասնակիցները

Յուլիս 7-ին «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»-ի շրջափակին մէջ, իրենց աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 37-րդ մարզախաղերը:

Օրուան խօսնակներն էին Սիւզի Օհանեան (հայերէն) եւ Արման Գիլիճեան (անգլերէն),  որոնք տողանցող մասնաճիւղերը ներկայացնելու կողքին, ներկաները ոգեւորեցին ՀՄԸՄ-ի հարազատ պատկերը ներկայացնող եւ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու 37 տարիներու յաջողութիւնները ընդգծող գեղեցիկ խօսքերով:

Ձեռնարկի հանդիսավար Սեւակ Կարապետեան կեդրոնացաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման եւ արձանագրած յաջողութեանց վրայ, որոնք անսահման ժամերու աշխատանքի արդիւնք են եւ ի գործ կը դրուին ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ կամաւորներու եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երիտասարդութիւնը կը մասնակցի աւանդութիւն դարձած այս մարզախաղերուն եւ անոր հպարտանքը կ՛ապրի:

ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան,  որ առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնց աջակցութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ցուցաբերած հաւատքին շնորհիւ` յաղթական տարի մը եւս բոլորեց ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդր. վարչութեան անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Թիւֆենքճեան, որ ամբողջական  փայլող աստղի նմանցնելով ՀՄԸՄ-ը` ընդգծեց, թէ շնորհիւ բազմահարիւր ՀՄԸՄ-ական եւ համակիր կամաւորներուն` սոյն նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով` նկատել տուաւ, թէ Նաւասարդեան խաղերը մեր հայրենական ու վաղեմի աւանդութեանց հաւատարմութեամբ,  նոր տարուան ու նոր կեանքի յաղթանակ կը բերեն բոլորիս` մրցողներուն,  պատասխանատուներուն ու ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

Շնորհաւորական ելոյթներ ունեցան եւ բարձր գնահատեցին Նաւասարդեան մարզախաղերու նախաձեռնութիւնը` քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն եւ Հաուըրտ Պըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փոլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ` Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի թեկնածուներ Կրեկ Գրիգորեան եւ Էտրին Նազարեան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ բաժակներու յանձնում:

Առաջնորդը «Ներսէս Շնորհալի» Շքանշանով
Պարգեւատրեց
Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը

Յուլիս 8-ին առաջնորդանիստ Ս.Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագիչ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին առաքած սրբատառ կոնդակը, որուն մէջ նշուած է, թէ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պիտի պարգեւատրէր ոսկրածուծի նուիրատուներ ապահովող յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը:

Առաջնորդը կատարեց շքանշանին յանձնումը, ապա շնորհաւորեց տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընը, որ յանձնախումբի անդամներուն հետ միասին լծուած էր ոսկրածուծի նուիրատուներ ապահովելու առաքելութեան, եւ հայ համայնքին մատուցած բարեսիրական ծառայութեանց համար յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Առաջնորդը գոհունակութեամբ յայտեց, թէ այդ յանձնախումբին կատարած մարդասիրական առաքելութիւնը համամարդկային է:

 

Արժանթին

Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Միջազգային Դպրոցական
Ողիմպիականի
Մասնակից Հայաստանի Հաւաքականին

Յուլիս 16-ին Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Արժանթինի Մար տել Փլաթա քաղաքին մէջ 4-16 յուլիսին թուաբանութեան միջազգային 53-րդ ողիմպիականի մասնակցած Հայաստանի դպրոցականներու հաւաքականին:

Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան բարձր գնահատեց դպրոցականներուն մակարդակը, շնորհաւորեց զանոնք եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց հետագայ գործունէութեան մէջ:

Նշենք, որ այս տարի անոնք նուաճած են 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement