Thursday Jun 20, 2013

Սեղանի Յարդարանք. Ձմերուկը Որպէս Սեղանի Զարդ

By adminx - Thu Jul 26, 5:32 am

Ամրան եղանակի ամէնէն փնտռուած պտուղը` ձմերուկը թէ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ եւ թէ՛ յագեցնող է:

Ձմերուկը լաւ միզամուղ է, կը մաքրէ երիկամները, օգտակար է սիրտի կամ երիկամներու հիւանդութեան ժամանակ: Ընդունելի չափերով թելադրելի է շաքարախտաւորներուն եւ յանձնարարելի` սակաւարիւնութենէ տառապողներուն:

Ձմերուկին 90 առ հարիւրը ջուր է, սակայն կը պարունակէ ֆոլինաթթու, քարոթեն, փեքթին: Բացի կենսանիւթերէ եւ մանր տարրերէն` հարուստ է նաեւ մակնեզիւմով եւ փոթասիւմով:

Այս համեղ եւ ջրոտ պտուղը օգտակար է լեարդի եւ լեղուապարկի քարային հիւանդութիւններու ժամանակ: Իր եղանակին անհրաժեշտ է շատ օգտագործել ձմերուկ, իսկ միւս եղանակներուն կարելի է օգտագործել անոր կեղեւը` ձմերուկի մեղր կամ անուշ պատրաստելու համար:

* * *

Եթէ կէսօրուան ճաշի կամ ընթրիքի հիւր պիտի ընդունիք, ձմերուկի պատեանը կրնաք օգտագործել 3 տարբեր ձեւերով:

Այսպէս, պարպուած պատեանը կրնաք օգտագործել որպէս ծաղկաման, որպէս մոմակալ եւ վերջապէս` սառաման:

Ա.- Որպէս ծաղկաման

Ձմերուկը լուացէք եւ ապա անոր վերի բաժինը կտրեցէք, բայց մի՛ թափէք, որովհետեւ որպէս պատուանդան պիտի գործածէք:

Սուր դանակի եւ ապա խոշոր դգալի մը միջոցով պարպեցէք միջուկը, դարձեալ պատեանը լուացէք ներսով-դուրսով եւ գլխիվար դարձուցէք, որպէսզի մէջի ջուրը սուզուի:

Սեղանը յարդարելու ժամանակ մէջը պաղ ջուր լեցուէք եւ ծաղիկները մէջը զետեղեցէք:

Բ.- Որպէս մոմակալ

Վերը բացատրուած ձեւով լուացէք, պարպեցէք եւ ցամքեցուցէք ձմերուկը: Շուկան ծախուող, խնձորին միջուկը պարպելու ծառայող յատուկ գործիքով պատեանին վրայ կլոր բացուածքներ ըրէք:

Ընթրիքի պահուն ձմերուկը զետեղեցէք սեղանին վրայ, մէջը տեղաւորեցէք վառած մոմ մը: Անշուշտ մոմը պէտք է ըլլայ բաւական մեծ չափի, որպէսզի անոր բոցին լոյսը դուրս գայ կլոր բացուածքներէն եւ տպաւորէ բոլորը:

Գ.- Որպէս սառաման

Պարպուած պատեանին մէջ սառոյց լեցնել եւ մէջը զետեղել գարեջուրի, ճերմակ գինիի կամ այլ խմիչքներու շիշերը:

Ձմերուկով Խմիչք

1 բաժակի համար անհրաժեշտ են.
1 բաժակ սառած ձմերուկի խորանարդներ
3/4 բաժակ նարինջի հիւթ
1 1/2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ

Պատրաստութիւն

Վերը յիշուած բաղադրութիւնները առաւել երկու կտոր սառոյց հարիչէ անցուցէք եւ անմիջապէս հրամցուցէք ներկայանալի բաժակի մը մէջ:

Բաժակին կողմը զարդարեցէք ձմերուկի բարակ շերտով մը:

 

Եղունգներու Խնամք

Ամուր եւ խնամուած եղունգներ ունենալու համար հետեւեցէք ստորեւ տրուած թելադրանքներուն:

  • Եղունգները ամուր եւ դիմացկուն դարձնելու համար զանոնք շփեցէք գետնախնձորի խիւսով, որուն քիչ մը կաթ եւ քացախ աւելցուցած ըլլաք:

* * *

  • Դիւրաբեկ եւ կոտրտուող եղունգները ամբողջ շաբաթ մը, առտու եւ իրիկուն շփել կիտրոնով:

* * *

  • Կոտրուող, փափուկ եղունգները ամրացնելու համար շաբաթը 1 – 2 անգամ որոշ ժամանակ մը պահել ձէթի մէջ, որուն 5 կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցած ըլլաք:

Նոյն նպատակով եղունգները շաբաթը երկու անգամ մխրճել տաք աղաջուրի մէջ:

* * *

  • Սպիտակուցներով, հանքայիններով, Ա. եւ Տէ. կենսանիւթերով եւ ժելաթինով հարուստ սննդականոն մը կ՛օգնէ, որ եղունգները ըլլան աւելի ամուր եւ աճին աւելի արագ:

* * *

  • Փայլուն եղունգներ ունենալու համար, զանոնք պէտք է շփել քացախով:

* * *

  • Պարտէզին մէջ եւ կամ հողի հետ գործ ունենալէ առաջ եղունգներով ճանկռտել խոնաւ օճառ մը, օճառը կը լեցուի եղունգներուն տակ եւ թոյլ չի տար, որ հողն ու աւազը մտնեն: Գործը աւարտելէ ետք պարզապէս օճառով լաւ լուացուիլ:

Նոյն նպատակով կարելի է յատուկ ձեռնոց գործածել:

 

Գեղեցկագիտական

Թարմ Եւ Առողջ Մորթ
Ունենալու Համար

Մարդկութիւնը հետզհետէ կը վերադառնայ բնականին: Նոյնն է պարագան գեղեցկագիտական սերերուն եւ ծեփուկներուն: Արդարեւ, կարելի է ամրան հիւթեղ ու սննդարար պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն պատրաստել մորթը սնուցող օգտակար ծեփուկներ:

Թելադրելի է ընտրել հիւթալի պտուղներ եւ թարմ բանջարեղէններ: Պտուղները խակ պէտք չէ ըլլան, բայց նաեւ` ոչ շատ հասուն:

Ծեփուկներու պատրաստութեան համար չափազանց կարեւոր է մաքրութիւնը: Ամաններու եւ սրուակներու հականեխում, ձեռնոցի գործածութիւն:

Ստորեւ` քանի մը օգտակար եւ դիւրին ծեփուկ:

1

Ստեպղինը քերել քերիչով եւ տարածել դէմքին վրայ, սպասել քառորդ ժամ, ապա դէմքը ցօղել գաղջ ջուրով: Կրկնել շաբաթը 3 անգամ:

2

Սեխը խիւսի վերածել, ապուրի դգալ մը մեղր աւելցնել եւ քսել դէմքին, սպասել քառորդ ժամ, ապա մաքրել գաղջ ջուրով: Կրկնել շաբաթը
երկու անգամ:

3

Սուրճի գաւաթ մը մածունին աւելցնել 3 ելակիի խիւս եւ սուրճի դգալ մը մեղր: Ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 10-15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Կրկնել շաբաթը 2 անգամ:

4

Պզտիկ դեղձ մը պատառաքաղով ճզմել, 2 – 3 կաթիլ ձէթ աւելցնել եւ ստացուած խիւսը տարածել դէմքին վրայ: Ձգել 15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Կրկնել շաբաթը երկու անգամ:

5

Շերտել վարունգը եւ շերտերով ծածկել վիզն ու դէմքը: Սպասել 20 վայրկեան, ապա հանել վարունգի շերտերը, բամպակի օգնութեամբ ձէթով պատել դէմքն ու վիզը, 10 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել դէմքը:

Կարելի է օրական կիսուած վարունգով մը շփել դէմքն ու վիզը:

 

Փորձ-Հարցարան

Արդեօք Յարմարող Ա՞նձ Էք

1

Ձեր ընկերը ձեզ կը հրաւիրէ ընտանեկան խնճոյքի: Դուք`

ա.- Մեծ հաճոյքով կ՛երթաք:
բ.- Կը հարցնէք, թէ ովքեր պիտի ըլլան:
գ.- Չէք երթար:

2

Ամսական ստացած էք: Ի՞նչ կը գնէք`

ա.- Տան անհրաժեշտ ապրանքներ:
բ.- Հագուստ:
գ.- Գիրք:

3

Բարեկամուհիի մը այցելութեան գացած էք առանց ժամադրուելու, բայց տունը մարդ չկայ: Դուք`

ա.- Կը սպասէք դրացուհիին տունը:
բ.- Չէք սպասեր:
գ.- Կը մտածէք, որ ի զուր ժամանակ կորսնցուցիք:

4

Դրամատունը կարգի կեցած էք, մէկը ձեր առջեւ կ՛անցնի: Դուք`

ա.- Կը մտածէք, որ կ՛աճապարէ:
բ.- Կը վիճիք:
գ.- Կը մտածէք, որ ան անկիրթ է:

5

Բարեկամուհիի մը հետ ժամադրուած էք, բայց ան կ՛ուշանայ: Դուք`

ա.- Կը սպասէք, մինչեւ որ գայ:
բ.- Կը զայրանաք եւ բջիջայինով հետը կը կապուիք:
գ.- Չէք սպասեր:

6

Թատրոնը ձեր քովը նստող երիտասարդը բարձրաձայն կը շատախօսէ: Դուք`

ա.- Չլսելու կու տաք:
բ.- Նկատողութիւն կ՛ընէք:
գ.- Կը փոխէք ձեր տեղը:

7

Հանրաշարժին մէջ ձեզ կը հրեն: Դուք`

ա.- Կը խնդրէք, որ ուշադիր ըլլան:
բ.- Դուք ալ կը հրէք:
գ.- Կ՛իջնէք հանրաշարժէն:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դուք յարմարող, զիջող անձ էք: Դուք ընդհանրապէս առաջնահերթութիւնը կու տաք դիմացինին, յետոյ` ձեր անձին: Բայց այսպէս կարելի չէ շարունակել, քանի որ ձեզ սխալ պիտի հասկնան եւ պիտի շահագործեն: Մի՛ փորձէք միշտ ուրիշը հասկնալ, անոր արարքները արդարացնել ու տեղի տալ, երբեմն եղէք անձնասէր:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, էութեամբ  դուք հանգիստ եւ խաղաղ անձ էք, եթէ ձեզ չվիրաւորեն կամ չնեղացնեն: Կը պատահին իրավիճակներ, երբ ստիպուած էք զոհ երթալ, անտեսել ձեր սկզբունքները եւ յարմարիլ իրավիճակին: Բայց ատիկա ձեզի ներքին անհանգստութիւն կը պատճառէ:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, դուք չափազանց զգայուն եւ միաժամանակ անզուսպ անձ էք: Չէք ուզեր, որ ձեզ անհանգստացնեն, այդ իսկ պատճառով դժուար կը յարմարիք կացութիւններուն: Փորձեցէք ըլլալ քիչ մը զիջող եւ նրբանկատ, որպէսզի ձեր կեանքը չդժուարացնէք:

 

Խոհագիր

Լայալի Լուպնան

Բաղադրութիւն

- 3 գաւաթ կաթ
- 4-5 ապուրի դգալ շաքար
- 4 լեցուն ապուրի դգալ նշայ
- Վարդի եւ ծաղիկի ջուր
- 2-3 մեզտեքի (մուշկ)` աղացուած,
1/2  թէյի դգալ շաքարով
- 1/2 քլկ. շուկայէն գնուած պատրաստ աշթա
- Ափ մը մանրուած հալէպի պիստակ
- 2 պանան` կլոր շերտուած
- 1/4 գաւաթ խարկուած սնոպար
- 1/4 գաւաթ խարկուած նուշ
- Շաքար-ջուր կամ մեղր

Պատրաստութիւն

Տաքցնել 2 գաւաթ կաթ պոյտի մը մէջ, մինչեւ որ եռայ:

Լուծել նշան մնացեալ 1 գաւաթ կաթով եւ շաքարով:

Աւելցնել տաք կաթին եւ բոլորը միասին խառնել ու վերադարձնել կրակին ու եփել, մինչեւ որ թանձրանայ: Մարել կրակը:

Աւելցնել վարդի ջուրը, ծաղիկի ջուրը, փոշի մեզտեքին եւ խառնել:

Պարպել խառնուրդը տափակ, ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ մէկդի ձգել, որ ամբողջութեամբ պաղի:

Զարդարել աշթայով, նուշով, սնոպարով եւ մանրուած պիստակով ու շերտուած պանանով:

Հիւրասիրելու ընթացքին մեղր սրսկել վրան կամ հիւրասիրել պատրաստուած շաքար-ջուրով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ապրում, Ծաղկում Է Ու Կայ

Եղել է ե՛ւ զոհ, ե՛ւ վկայ
Ամէնից ահաւո՛ր ջարդին,
Բայց ապրո՛ւմ, ծաղկո՜ւմ է ու կա՛յ
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

Հողմեր են բախուել ու անցել,
Շանթեր են բախուել իր բախտին,
Ու դարձեալ բա՜րձր է մնացել
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

Արեւը դարձրել է նա զարդ,
Վահան է դարձրել իր փառքին
Սէգ հասակն աշխարհին պարզած,
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

Դարձել է արթուն ժամապահ`
Նա ինքն իր վայելուչ բարքին,
Իր նորոգ ճիւղերով հպարտ,
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

Զմրուխտեայ վարսե՛րն է փռել
Երկնքի ծաղկաւոր բարձին,
Ոտքերը հողին մէջ խրե՛լ
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

Եղել է ե՛ւ զոհ, ե՛ւ վկայ
Ամէնից ահաւո՛ր ջարդին,
Բայց ապրո՜ւմ, ծաղկո՜ւմ է ու կա՛յ
Մեր հայոց հինաւուրց բարդին:

 ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Leave a Reply

Advertisement