Thursday May 23, 2013

Ռուսիոյ Խորհրդարանի Նախագահը` Հայաստանի Մէջ. Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Յաւելեալ Սերտացման Անհրաժեշտութեան Ընդգծում

By adminx - Wed Jul 25, 8:03 am

Նարիշքին` Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահին այցելութիւնը նոր ազդակ հաղորդէ հաստատուն կերպով զարգացող հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն: Սարգսեան բարձր գնահատեց Սերկէյ Նարիշքինի անձնական ներդրումը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Ռուսիոյ հետ ամուր պատմական հիմքերու վրայ կառուցուած եւ դաշնակցային ոգիով զարգացող փոխադարձ յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու գործին մէջ: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, անսասան այդ յարաբերութիւնները կը հանդիսանան Հայաստանի ապահովութեան անկիւնաքարը:

Սերկէյ Նարիշքին նոյնպէս գոհունակութեամբ արձանագրեց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան բարձր մակարդակը եւ ընդգծեց, որ Ռուսիա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ համագործակցութիւնը, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն աւելի աշխուժացած են: Սերկէյ Նարիշքին կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ եւ վստահեցուց, որ Հայաստանի գործընկերներուն հետ միասին պիտի ընեն առաւելագոյնը` նպաստելու համար երկու բարեկամ ժողովուրդներու եւ երկիրներու միջեւ կապերու յաւելեալ սերտացման:

Երէկ Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ` Սերկէյ Նարիշքինի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, խոնարհումով եւ լռութեամբ յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Բարձրաստիճան հիւրը այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացաւ Հայոց մեծ եղեռնը ապացուցող վաւերագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն, գրառում կատարեց պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Նարիշքին Յիշողութեան պուրակին մէջ տնկեց մշտադալար եղեւնի մը:

Leave a Reply

Advertisement