Thursday May 23, 2013

«Կը Ցանկանք Օգնել Ղարաբաղի Հարցով Վստահութեան Կառուցման» Կ՛ըսէ Քեթրին Էշթըն

By adminx - Wed Jul 25, 8:02 am

Քեթրին Էշթըն

Նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ եւրոպացի պաշտօնեաներու հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք ամփոփեցին արդէն կատարուած աշխատանքը եւ գործողութիւններուն ծրագիրը քննարկեցին մինչեւ 2013 թուականին սպասուող յաջորդ վեհաժողովը:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն, որ անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի հարցին, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչի առանց նախապայմաններու մուտքի կարելիութեան:

Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ ինք խօսած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ: «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը քննարկենք բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, մասնաւորաբար` Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի եւ ոչ թէ բոլոր եւրոպացի պաշտօնեաներուն Ղարաբաղ մուտքը թոյլ տալու հարցը: Մենք կը ցանկանք օգնել կառուցել վստահութիւնը այն մարդոց միջեւ, որոնք կ՛ապրին այնտեղ, բաւական լարուած եւ խիստ անկայուն իրավիճակի մէջ: Եւ կրկին կ՛ուզեմ ըսել, որ ոչ միայն այսօրուան հանդիպման, այլեւ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ասոնք քննարկուող առանցքային հարցեր են», նշեց Քեթրին Էշթըն:

Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մէջ Հայաստանի արձանագրած արդիւնքներուն, ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զանոնք ներկայացուցած է իր ելոյթին ընթացքին` նշելով, որ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկիզբէն երկու տարի անց Հայաստան փակած է 29 բանակցային գլուխներէն 28-ը եւ այս յաջողութիւնը հաշուի առնելով` սահուն յառաջընթաց կ՛ակնկալեն նաեւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ` նպատակ ունենալով աւարտական հանգրուանին մօտենալ մինչեւ Վիլնիուսի վեհաժողովը:

Նալբանդեան նշեց նաեւ, որ արդէն աւարտական հանգրուանին մէջ են եւ միայն ստորագրման եւ վաւերացման կը սպասեն մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերող համաձայնագիրները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement