Saturday May 25, 2013

«Ազրպէյճանի Անհետեւողական Քաղաքականութիւնը Բացասական Մեծ Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Հայաստանի Ջանքերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Քի Մուն

By adminx - Wed Jul 25, 8:00 am

Պան Քի Մուն

Հրապարակուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի` «Սովորական սպառազինութիւններու վերահսկումը շրջանային ու ենթաշրջանային մակարդակներու վրայ» զեկուցումը, որուն մէջ ներկայացուած է Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններուն հետ կապուած իրավիճակը:

«Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրի հիմնական դերն ու կարեւորութիւնը յատկապէս մեծցած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ, ուր Ազրպէյճան սպառազինութիւններու վտանգաւոր մրցավազք շղթայազերծած է:

«Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրի իրագործման վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, Ազրպէյճան գերազանցած է համաձայնագիրով սահմանափակուած երեք տեսակի սպառազինութիւններու քանակը: Ազրպէյճանցիները ունին 381 մարտական հրասայլ` փոխան թոյլատրելի 220-ին, հրետանային սպառազինութեան 518 միաւոր` փոխան թոյլատրելի 285-ին եւ 287 մարտական զրահապատ մեքենայ` փոխան թոյլատրելի 220-ին: Անցեալ տարի Ազրպէյճան իր հրետանային զինատեսակներու քանակը աւելցուցած է 47-ով, հարուածային ուղղաթիռներունը` 2-ով, իսկ զրահապատ մեքենաներունը` 106-ով:

«Ազրպէյճանի զինուորական պիւտճէի զգալի յաւելումը վերջին տարիներուն (այս տարի զինուորական ծախսերուն համար Պաքու նախատեսած է 3.47 միլիառ տոլար), ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական ղեկավարութեան մնայուն յարձակողապաշտ եւ կարծր զինուորական հռետորաբանութիւնը կը մեծցնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ անդունդը, կ՛աւելցնեն լարուածութիւնը եւ կը վտանգեն գոյութիւն ունեցող խնդիրներու, մասնաւորաբար ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթը:

«Այս առումով, Ազրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը բացասական մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ շրջանին մէջ վստահութեան ու համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման` Հայաստանի ջանքերուն վրայ», կը նշէ զեկուցումը:

Leave a Reply

Advertisement