Thursday May 16, 2013

«Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Հայաստան Կը Թերանայ» Կ՛ըսէ Ստեփան Սաֆարեան

By adminx - Wed Jul 25, 7:58 am

Ստեփան Սաֆարեան

Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Ստեփան Սաֆարեան գոհ չէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախի խնդիրին ներկայացումէն եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութենէն: Ան երէկ իր դժգոհութիւնները յայտնեց լրագրողներուն:

Սաֆարեան նշեց, որ ոչ ոքի համար հաճելի էր լսել ո՛չ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչին գնահատականը Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն առնչութեամբ, ո՛չ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ եւրոպական կառոյցներու յայտարարութիւնները:

Սաֆարեան ընդգծեց, որ խնդիրը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ է: «Եթէ եւրոպական կառոյցներուն մէջ հայկական պատուիրակութեան մօտեցումը այն է,  որ ո՛չ հայերը խօսին ղարաբաղեան խնդիրին մասին եւ ո՛չ ալ ազրպէյճանցիները, ապա մի՛ մեղադրէք այն եւրոպացիները, որոնք տեղեակ չեն ղարաբաղեան խնդիրէն եւ կրնան իրենց թոյլ տալ այսպիսի յայտարարութիւններ կատարել», ըսաւ Սաֆարեան:

 

Leave a Reply

Advertisement