Վարչապետարանին Մէջ «Ապահովութեան Խորհուրդը Մտահոգ Է Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Պեքաայի Սահմանային Շրջաններուն Կացութեամբ» Յայտնեց Փլամպլի
By adminx - Wed Jul 25, 7:54 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Փլամպլի շեշտեց, որ ինք Միքաթիի ներկայացուցած է Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն շնորհակալիքը` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին առիթով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգ է հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի սահմանային շրջաններուն մէջ արձանագրուած ապահովական բախումներուն ու միջադէպերուն առումով:
Միւս կողմէ, Փլամպլի նշեց, որ միջազգային ընտանիքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան իր զօրակցութեան` նկատի ունենալով Սուրիայէն Լիբանան ժամանող գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուող լիբանանեան օժանդակութիւնը:
Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ դրուատած է Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը` մաղթելով, որ յառաջիկայ օգոստոսին ճշդուած նիստը գումարուի:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրադարձութիւնները:
Միքաթի փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ քննարկեց այսօր վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին օրակարգը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմ եւ Ժիլպերթ Զուէյն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print




