Wednesday May 22, 2013

«Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններուն Վերաբերող Ամբողջական Տեղեկութիւնները Պահանջելը Ապօրինի Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

By adminx - Wed Jul 25, 7:52 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստէն ետք, համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն տեղեկութիւնները ամբողջական կերպով պահանջելը ապօրինի է եւ ուղղակիօրէն կը վնասէ քաղաքացիներուն անձնական կեանքին:

Ան շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին ամէն ինչ արգիլուած էր քննարկել, բացի Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութենէն, որ պիտի ներկայացուէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

«Յանկարծ մենք զարմացանք, երբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն տեղեկութիւնները ամբողջական կերպով պահանջուեցան», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստին ընթացքին ընդհանուր արժեւորումը կատարած են նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանային իրավիճակին` աւելցնելով, որ Աքքարի մէջ կացութիւնը բարելաւուած է:

Զօր. Աունէն ետք խօսք առաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ շեշտեց, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնէութիւնը նշանակելու մեքանիզմը պիտի որդեգրուի եւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել նախարարութեան մշակած ծրագիրը:

 

Leave a Reply

Advertisement