Լիպըրման. «Հըզպալլայի Քիմիական Զէնքի Տիրանալը Պատերազմի Յայտարարութեան Պիտի Յանգեցնէ»
By adminx - Wed Jul 25, 7:28 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ տեղեկութիւններ ունի, որ Հըզպալլա կը փորձէ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքեր ստանալ, իսկ Իսրայէլ ատոր իրականացումը պատերազմի յայտարարութեան պատճառ կը նկատէ:
Լիպըրման ըսաւ, որ Իսրայէլ անմիջապէս եւ առանց տատամսումի գործի պիտի լծուի, եթէ Հըզպալլա Սուրիայէն քիմիական եւ կենսաբանական զէնքեր ստանայ:
Իսրայէլի դիւանագիտութեան պետը Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ ներառելու` նշելով, որ Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկները թիրախ դարձնող յարձակումին պատասխանատուն Հըզպալլան է:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի հիւլէական ծրագիրին, Լիպըրման ըսաւ, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները յաւիտեանս պիտի չշարունակուին, եւ անոնց վերջ տալով գործի լծուելու ժամանակը հասած է:
Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը մերժեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութեանց իր ցանկին վրայ ներառելու Լիպըրմանի պահանջը:
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print




