«Իսրայէլ Եւ Իրան «Բաց Պատերազմի» Մէջ Են» Կ՛ըսէ Փերես
By adminx - Wed Jul 25, 7:27 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Իրանն ու Հըզպալլան մեղադրած է անցեալ շաբաթ Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն դէմ կատարուած յարձակումին համար` նշելով, որ «Իսրայէլ եւ Իրան «բաց պատերազմի» մէջ են»:
Զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի նախագահը նաեւ նշած է, որ իր երկիրը ունի լաւ զարգացած հետախուզութիւն, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ Պուլկարիոյ դէպքերը կապել Իրանի եւ Հըզպալլայի: Բացի ատկէ, ըստ Փերեսի, Իրան Իսրայէլի հետ «բաց պատերազմի» մէջ գտնուելուն ծիրին մէջ պիտի գործէ յաւելեալ ահաբեկչութիւններ, զորս կանխարգիլելու համար Իսրայէլ ջանք պիտի չխնայէ:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք վերջին իրադարձութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Իրան այս ձեւով կը փորձէ վրէժը լուծել իր հիւլէական գիտնականներու սպանութեան, որուն համար կը մեղադրէ Իսրայէլը, Փերես ըսած է. «Իսրայէլ այդ սպանութիւններուն համար երբեք պատասխանատուութիւն չէ ստանձնած, սակայն այս պարագային մենք պարտաւոր ենք մեր քաղաքացիները պաշտպանելու»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարաստ, անդրադառնալով Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, նշեց, որ «ահաբեկչութեան մէջ յառաջատարը նկատուող իսրայէլեան գոյացութեան կատարած այն ամբաստանութիւնը, թէ փոխադրակառքի ականահարման պատասխանատուն մենք ենք, անընդունելի է, մանաւանդ որ այդ գոյացութիւնը բազմաթիւ ոճիրներ գործած է, մասնաւորաբար դիմադրութեան ղեկավարներու սպանութիւն կատարելով»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Սթաս Միսժնիքով Պուլկարիոյ հրեայ համայնքին հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ պուլկարական ապահովական մարմինները քանի մը ամիս առաջ կանխարգիլած են ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն թիրախը իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ էին:
Ան ըսաւ, որ «անցեալ շաբաթ Պուրկաս զբօսաշրջական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը պիտի չարգիլէ, որ իսրայէլացի քաղաքացիները իրենց երկրին, Պուլկարիոյ կամ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ շրջագային»:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print




