Սնանկացման Եզրին Գտնուող Իտալական 10 Քաղաքներու Մէջ Դպրոցները Կրնան Չբացուիլ
By adminx - Wed Jul 25, 7:26 am
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իտալական տասը քաղաքներ, ներառեալ` Նափոլին, Փալերմոն եւ Ռեճիօ տի Քալապրիան, յայտնուած են սնանկացման եզրին, եւ բացառուած չէ, որ ծախսերու կրճատման պատճառով այդ քաղաքներուն մէջ դպրոցները չբացուին:
Քաղաքային խորհուրդներու ազգային ընկերակցութեան նախագահ Կրացիանօ Տել Ռիօ յայտարարած է, որ «օրէ օր իրավիճակը կը վատթարանայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ամառնային արձակուրդէն ետք դպրոցներու բացման հարցը մեծ հարցականի տակ է»:
Սնանկացման վտանգի տակ գտնուող տասը քաղաքներու մեծ մասը կը գտնուի երկրի հարաւը, ուր երկար տարիներ տիրած է փտածութիւնը, Եւրոպական Միութեան միջոցները աննպատակ ծախսուած են, իսկ տարբեր մարզերու մէջ մաֆիայի ներգրաւուածութիւնը շատ մեծ է: Քաղաքներու «սեւ ցուցակ»-ին վրայ բացառութիւն է միայն հիւսիսային Ալեսանտրիան:
Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի կը յուսայ կրճատել երկրին 2 եռիլիոն եւրոյի պարտքը` Իտալիոյ 107 վարչական միաւորէն 64-ի կարգավիճակը փոխելու միջոցով: Կառավարութիւնը մտադիր է այս տարի 500 միլիոն եւրոյի չափով կրճատել վարչական շրջաններու պիւտճէները, իսկ 2013-ին յաւելեալ մէկ միլիոն եւրօ կրճատել:
- 0 Comments
- 24 views
- Tweet
Email
Print



