Միացեալ Նահանգներու Վերջին 50 Տարուան Ամէնէն Դաժան Երաշտը Պարենի Համաշխարհային Նոր Ճգնաժամ Կը Սպառնայ
By adminx - Wed Jul 25, 7:25 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 1956-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ եղած ամէնէն դաժան երաշտը կը սպառնայ պարենի համաշխարհային նոր ճգնաժամ յառաջացնել:
Երկրի գիւղատնտեսական գլխաւոր կեդրոն նկատուող հիւսիս-կեդրոնական նահանգներուն մէջ երկարատեւ տաքի ալիքի պատճառով հացահատիկի եւ սոյայի գիները մրցանշային աճ արձանագրած են, ինչ որ տեղի չէր ունեցած վերջին` 2008-ին տեղի ունեցած պարենի համաշխարհային ճգնաժամէն ի վեր:
Այս առիթով տնտեսագէտները կը նախազգուշացնեն, որ երաշտի հետեւանքները զգալի պիտի ըլլան ամբողջ աշխարհի համար, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները աշխարհի մէջ եգիպտացորենի եւ սոյայի մեծագոյն արտադրողն են, ինչպէս նաեւ ցորենի մեծագոյն արտածողը:
Միայն վերջին ամսուան ընթացքին եգիպտացորենի գինը աճած է 51 առ հարիւրով, ցորենինը` 40 առ հարիւրով, իսկ սոյայինը` շուրջ 20 առ հարիւրով:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



