Thursday May 23, 2013

Ըստ 450 Տարուան Փաստաթուղթի Մը Պերլին Այլ Քաղաքի Մը 112 Միլիոն Եւրոյի Պարտք Ունի

By adminx - Wed Jul 25, 7:25 am

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արեւելեան շրջանի Միթենվալտէ փոքրիկ քաղաքը շուտով կրնայ դառնալ աշխարհի ամէնէն հարուստ քաղաքներէն մէկը, եթէ Պերլին համաձայնի վճարել 450 տարի առաջ իր առած պարտքը:

Միթենվալտէ քաղաքի մթերանոցէն յայտնաբերուած է վկայագիր մը, որ կ՛ապացուցէ, որ 28 մայիս 1562-ին Պերլին Միթենվալտէէն 400 կուլտեր պարտք առած է` տարեկան 6 առ հարիւր տոկոսով:

Մասնագէտները հաշուած են, որ մայրաքաղաքի պարտքը կը կազմէ 11,200 կուլտեր, ինչ որ ներկայիս համարժէք է 112 միլիոն եւրոյի: Թէեւ վկայականին վրայ կնիքը կը բացակայի, սակայն զայն յայտնաբերած պատմաբան Վերա Շմիտթ կը պնդէ, որ փաստաթուղթը իրական է եւ տակաւին օրէնքի ուժ ունի:

Այժմ Շմիտթ եւ Միթենվալտէի քաղաքապետ Ուվէ Փֆայֆըր դիմած են Պերլինի քաղաքային իշխանութիւններուն` պարտքը ստանալու խնդրանքով:

 

Leave a Reply

Advertisement