Tuesday May 21, 2013

Հաղորդագրութիւն

By adminx - Wed Jul 25, 7:21 am

ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան 10 անդամներ Քաշաթաղի Կովսական գիւղի Թաթուլ Կրպէեան դպրոցին մէջ կը շարունակեն իրենց գործուղման ծրագիրը: Արդէն տուեալ եւ մօտակայ գիւղերէն 110 պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛անցընեն` մաս կազմելով ԶՈՄ-ականներուն պատրաստած դաստիարակչական եւ մարմնակրթական ծրագիրին: Այս տարուան մասնակիցներուն մէջ կը տեսնենք հին եւ նոր դէմքեր, ինչ որ կը փաստէ ծրագիրին յաջողութիւնը եւ կ՛ապահովէ անոր շարունակականութիւնը:

Նշենք, որ Քաշաթաղը Արցախի մեծագոյն շրջաններէն մէկն է, իսկ Կովսականը կը գտնուի շրջանին հարաւային մասին մէջ:

ԶՈՄ-ականները իրենց աշխատանքները պիտի շարունակեն մինչեւ 8 օգոստոս: Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մասնակիցներուն տպաւորութիւնները լսելու համար հետեւեցէ՛ք «Ազդակ»-ին եւ «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդումներուն:

Leave a Reply

Advertisement