Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի Օրհնագիրի Տուչութիւն` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Նուիրեալներու
By adminx - Wed Jul 25, 7:19 am
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print
Բարձր հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, նախագահութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի օրհնագիրի տուչութիւնը Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ նուիրեալ անձերու, յանձին` տէր եւ տիկին Սարգիս Պէօճեքեանի` ոսկեայ յոբելեանին առիթով, Մանուէլ կիս. սրկ. Քէշիշեանի` 40 տարուան խմբավար «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան զոյգ երգչախումբերուն եւ Ռոզին Գապատայեանի` 30 տարուան երգեհոնահար Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումբին:
Սուրբ պատարագին ընթացքին հայր Սարգիս Դաւիթեան խօսեցաւ իւրաքանչիւր պարգեւատրեալին յատկութիւններուն մասին` յիշելով անոնց կեանքին կարեւոր գործունէութիւնները, որմէ ետք գերապայծառ տէրը շնորհաւորեց նուիրեալ անձերը եւ կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն ունենալու իրենց մէջ այդ քրիստոնէական առաքինութիւնները, որոնք զիրենք կը մղեն նուիրուելու եկեղեցւոյ կեանքին: Արարողութենէն ետք պարգեւատրեալները շնորհաւորութիւնները ընդունեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print



