Նախորդ Շաբաթ Զինադադարի Դրութիւնը Խախտեցաւ 300 Անգամ
By adminx - Tue Jul 24, 7:47 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
Նախորդ շաբաթ` 15-էն 21 յուլիսին ինկած ժամանակահատուածին մէջ, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 300 անգամ. տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1500 կրակոցներ:
Բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ ձեռնպահ մնացած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանելէն եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկած են` շփման գիծի ամբողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերու պաշտպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



