Մարգարեան. «Սուրիոյ Հայութիւնը Պէտք Է Ճակատագիրը Կիսէ Երկրի Միւս Քաղաքացիներուն Հետ»
By adminx - Tue Jul 24, 7:50 am
- 0 Comments
- 312 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպէն Հայաստան վերադարձած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ա1 փլիւս» լրատուական կայքէջին տուած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնեց, որ Հալէպի մէջ փողոցային մարտեր տեղի չեն ունենար, բայց լարուածութիւն կայ: Ան տեղեկութիւններ ունի, որ Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքին զոհեր կ՛արձանագրուին նաեւ հայերուն մէջ:
«6 հոգի զոհուած են, ոչ իբրեւ հայ, երկուքը պատահական ռումբի պայթումէն, մէկ քանին բանակի ծառայութեան մէջ եղած են», նշեց Մարգարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչո՞ւ Հայաստան պէտք չէ աշխուժօրէն միջամտէ հալէպահայ 60 հազարնոց համայնքի ճակատագիրին, Մարգարեան յայտնեց, որ խուճապ կը յառաջանայ համայնքին մէջ, երկրորդ, ասիկա հակամարտող կողմերը կրնայ լարել հայութեան դէմ եւ երրորդ, Հայաստանը սուրիահայերուն առաջարկելու շատ բան չունի:
«Մենք չենք կրնար սուրիահայութեան աշխատանքի հարցը ամբողջութեամբ լուծել, եթէ չըսեմ ընդհանրապէս չենք կրնար լուծել, բնակարանային հարցը եւ շարք մը ուրիշ հարցեր», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան:
Իբրեւ ցեղասպանութեան արդիւնք ձեւաւորուած համայնք, հայերը, ըստ Հրանդ Մարգարեանի, բարգաւաճած են այդ երկրին հետ, վայելած են անոր հիւրընկալութիւնը: «Ես կ՛ուզեմ, որ Սուրիոյ հայութիւնը մնայ Սուրիոյ մէջ եւ կիսէ ճակատագիրը Սուրիոյ միւս քաղաքացիներուն հետ միասին», ընդգծեց ան:
Հրանդ Մարգարեան գերադասեց, որ հայերը գան Հայաստան, եթէ հայերը պէտք է արտագաղթեն Սուրիայէն:
Իսկ քանի տակաւին անոնք Սուրիա կը գտնուին, պէտք է Հայաստանը օգնէ, որ անոնք դիմանան, իսկ սուրիահայերն ալ պէտք չէ դառնան ներքին տագնապի կողմ:
«Իբրեւ համայնք անոնք պէտք է ունենան այնպիսի կողմնորոշում, որ թիրախ չդառնան», համոզում յայտնեց Մարգարեան:
Իսկ որո՞նք են հակամարտողները: Հրանդ Մարգարեան կ՛ըսէ, որ խայտաբղէտ ընդդիմութիւն է` ժողովրդավարներէն մինչեւ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուողներ: Մարգարեան ըսաւ, որ հայերը առայժմ տագնապելու քիչ պատճառ ունին: «Հակահայկական դիմագիծ ունեցող, շեշտադրում ունեցող որեւէ շարժում առայժմ չկայ Սուրիոյ մէջ եւ յոյսով եմ, որ չըլլայ», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 312 views
- Tweet
Email
Print



