Արցախի Հանրապետութեան Նախագահական Ընտրութիւնները Անցած Են Մրցակցութեան Եւ Աշխուժ Մասնակցութեան Մթնոլորտի Մէջ
By adminx - Tue Jul 24, 7:44 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի Կովկասի գծով փորձագէտ Միխայիլ Ալեքսանտրով երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները ընթացան ժողովրդավարական չափանիշերուն համապատասխան եւ արդար:
Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուեցան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններ, եւ այդտեղէն ալ կարելի է ենթադրել, որ ընտրութիւնները լաւ անցած են: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասին Արեւմուտքի քննադատական յայտարարութիւնները անհիմն են, ինչպէս նաեւ այն տեսակէտը, թէ ընտրութիւնները կը վնասեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային հոլովոյթին», ըսաւ Ալեքսանտրով` նշելով, որ Ռուսիոյ տեսակէտը կը տարբերի Արեւմուտքի տեսակէտէն, եւ Ռուսիոյ գնահատումով` այդ ընտրութիւնները չեն վնասեր բանակցային հոլովոյթին:
Ասուլիսին ներկայ այլ բանախօս մը` Սեւծովեան-Կասպեան շրջանի քաղաքական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնարկի աշխատակից, քաղաքագէտ Անտրէյ Արեշեւ, իր կարգին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները անցած են կարծր մրցակցութեան եւ աշխուժ մասնակցութեան մթնոլորտի մէջ. «Գնահատելով ընտրութիւններու ընթացքը` կրնամ ըսել, որ անոնք եղած են արդար եւ թափանցիկ, եւ ոչ մէկ գործօն կայ` ընտրութիւններուն արդիւնքը կասկածի տակ դնելու»:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print




