Մանսուր. «Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Պարագային Սուրիա Մուտք Պիտի Գործէ Անել Փապուղի»
By adminx - Tue Jul 24, 7:34 am
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Տոհայէն վերադարձաւ Պէյրութ` մասնակցելէ ետք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սուրիական եւ պաղեստինեան զարգացումները:
Մանսուր յայտնեց, որ Տոհայի նիստին ընթացքին Լիբանան անգամ մը եւս ներկայացաւ չէզոք կեցուածքով:
Ան հաստատեց, որ նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած է, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ միջադէպերը վտանգ սպառնացած են թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ զինք շրջապատող երկիրներուն: «Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութեան պարագային, շրջանին մէջ ոչ մէկ երկիր պիտի խնայուի, ընդհակառակն` պատերազմին հուրը պիտի հասնի բոլորին», նշեց ան:
Մանսուր ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար անհրաժեշտ է ապահովել քաղաքական լուծում` հարց տալով, որ այդքան զէնք ու զինամթերք ինչպէ՞ս Սուրիա հասած է եւ որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ Սուրիոյ մէջ ներքին համայնքային եւ յարանուանական հարցերուն հրահրումը:
«Սուրիան իր տագնապէն դուրս բերելը անոր հարցը միջազգայնացնելով կարելի չէ ապահովել», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print




