Thursday Jun 20, 2013

«Քիմիական Զէնքերը Սուրիական Ուժերու Վերահսկողութեան Տակ Են Եւ Որեւէ Պարագայի Ներքին Ճակատի Վրայ Պիտի Չօգտագործուին, Այլ` Երբ Սուրիա Արտաքին Յարձակումի Ենթարկուի» Ըսաւ Մաքտիսի

By adminx - Tue Jul 24, 7:22 am

Ժիհատ Մաքտիսի

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեցին իշխանութենէն հեռանալու, մինչ Արաբական լիկան պիտի օգնէ անոր եւ անոր ընտանիքին ապահով կերպով Սուրիայէն դուրս գալ:

Որոշումը կը նշէ, որ այս կոչը սուրիացիներու արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու, սուրիական պետութեան հիմքերը պահպանելու, Սուրիոյ միութեան, ազգային ապահովութեան, անոր ընկերային բաղադրութեան ապահովութեան եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման համար է:

Որոշումը նաեւ կոչ ուղղեց անմիջապէս կազմելու փոխանցման կառավարութիւն մը, որ տէր է բոլոր իրաւասութեանց եւ որուն մաս կը կազմեն Սուրիոյ ներքին եւ արտասահմանեան ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիական ազատ բանակը:

Արաբ նախարարները ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեցին` ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի լիազօրութիւնը փոխելու, որպէսզի անիկա այս որոշումին համահունչ ըլլայ` այսինքն` աշխատանք տանի Ասատի իշխանութենէն հեռացման եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման ուղղութեամբ:

Արաբ նախարարները Սուրիոյ հարցով նախարարական յատուկ յանձնախումբի նախագահ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանին եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապին լիազօրեցին Մոսկուա եւ Փեքին այցելելու` այդ երկիրներուն հետ քննարկելու համար արաբ նախարարներու որոշումը:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Նիւ Եորքի մէջ արաբական համախմբումի դեսպաններուն կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստ մը հրաւիրելու, որպէսզի Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու եւ սուրիական վարչակարգին հետ ամէն տեսակի յարաբերութիւնները խզելու միջոցառումներ որդեգրէ:

Քաթարի վարչապետը ժողովի վերջաւորութեան լրագրողներուն յայտնեց, որ պահանջուածը Ասատի իշխանութենէն արագ հեռացումն է` իշխանութենէն ապահով հեռանալուն դիմաց: Ան Ասատին կոչ ուղղեց «քաջարի քայլ մը» առնելով իր երկիրն ու ժողովուրդը փրկելու եւ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման համար Ասատի հեռացման այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի երէկ նշեց, որ Անանի առաքելութեան փոփոխութիւնը արաբներուն պարտականութիւնը չէ` «անոնք արաբական փափաքներ են»:

Ան արաբ արտաքին գործոց նախարարներու որոշումը Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն նկատեց` յայտնելով, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունքի տէր է եւ ինք երկխօսութեան սեղանին շուրջ կը նստի, իսկ վճիռը քուէարկութեան սնտուկին ճամբով է»` աւելցնելով, որ եթէ արաբները սուրիացիներու արիւնահեղութեան դադրեցման նախանձախնդիր են, աւելի լաւ կ՛ընեն, եթէ ընդդիմադիր խմբակներու բացայայտ զինումն ու տեղեկատուական արշաւը դադրեցնեն:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ վերջերս արտայայտուող մտավախութեանց, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ սուրիական քիմիական զէնքերը սուրիական ուժերուն վերահսկողութեան տակ են եւ որեւէ պարագայի ներքին ճակատի վրայ պիտի չօգտագործուին` աւելցնելով, որ անոնք կ՛օգտագործուին միայն, երբ Սուրիա արտաքին յարձակումի մը ենթարկուի:

Մինչ այդ, հիւսիսային Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու եւ յորդանանեան ապահովական ուժերու միջեւ բախումներուն պատճառով շարք մը յորդանանցիներ վիրաւորուեցան:

Յորդանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ե.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռամսա քաղաքի Փաշաշա շրջանին մէջ բնակեցման վայրի մը մէջ բնակող 80 սուրիացիներ կիրակի ուշ գիշերին բախում ունեցած են ապահովական ուժերուն հետ:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Այնթապի մօտ գտնուող սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ սուրիացի գաղթականներ բախում ունեցած են թրքական ապահովական ուժերուն հետ եւ թրքական դրօշը վար առնելով անոր տեղ բարձրացուցած են սուրիականը: Վիրաւորուած են չորս սուրիացիներ եւ չորս թուրք ոստիկաններ: Ըստ այլ աղբիւրներու, արձանագրուած է նաեւ երկու զոհ:

«Միլլիյէթ» կը հաղորդէ, որ սուրիացիները բողոքած են ճամբարին մէջ 1500 թուրքմեններու տեղաւորման դէմ: Ըստ այլ տեղեկութեանց, անոնք բողոքած են ճամբարը ջուրէ զրկելու թրքական միջոցառման դէմ: Աւելի ուշ թրքական ոստիկանութիւնը յաջողած է մուտք գործել ճամբար եւ օդը կրակելով ճնշել ըմբոստութիւնը: Սակայն երէկ հաղորդուեցաւ, որ նշեալ ճամբարին մէջ բախումները վերսկսած են:

«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիացի քիւրտ զինեալներ տիրած են հիւսիսային Իրաքի հետ սահմանային անցքին: Կայանը կը նշէ, որ քիւրտ զինեալները մարզուած են փեշմերկաներուն կողմէ, որոնք իրենց կարգին կը տիրեն Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող Սուրիոյ հետ Իրաքի սահմանային անցքին, որ կը գտնուի Քամիշլիի մօտ:

Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ դէմ որդեգրեցին պատժամիջոցներու 17-րդ թղթածրարը:

Եւրոպական Միութիւնը սուրիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւերուն արգիլեց իր օդային տարածքին մէջ թռիչք կատարելէ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Մարք Ռեկեւ յայտարարեց, որ Իսրայէլ անցեալ շաբաթ Սուրիական ազատ բանակին դէմ բախումներու ընթացքին սուրիական ուժերուն կողմէ Կոլանի մէջ ապազինեալ գօտի ներթափանցման համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի մօտ Սուրիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ նշած են, որ բողոքագիր ներկայացուած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նախագահին: Անոնք արձանագրուած դէպքը աննախադէպ նկատած են` նշելով, որ դէպքը շրջանի կայունութեան վրայ հեռահաս ազդեցութիւններ պիտի ունենայ:

 

Leave a Reply

Advertisement