Wednesday Jun 19, 2013

«Հ1»-ի Աշխատանքային Խումբը Ժամանած Է Լիբանան

By adminx - Tue Jul 24, 7:16 am

Անցնող շաբաթավերջին Պէյրութ ժամանեց Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան առաջին լրատուականի աւագ մեկնաբան Աբրահամ Գասպարեան եւ աւագ նկարահանող Արման Ղարիպեան: Անոնք աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուին Լիբանան` վաւերագրական ժապաւէն պատրաստելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործունէութեան մասին: Անոնք սկսան նկարահանել 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի, 100-ամեակի երիտասարդական եւ միջմշակութային մարմիններու  ժողովներն ու անոնց անդամներուն հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցները: Վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան զուգահեռ այս շաբթուան լրատուական հաղորդումներուն ընթացքին կը սփռուին 100-ամեակի Լիբանանի գործունէութեան վերաբերող զանազան տեսանիւթեր:

Leave a Reply

Advertisement