Յայտարարութիւններ ( 23 Յուլիս 2012 )
By adminx - Mon Jul 23, 5:55 am
- 0 Comments
- 242 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Անթուան Տումանեան եւ դուստրը` Վիվիան
Տիկին Լուսին Տումանեան եւ դուստրը` Ռիթա
Տէր եւ տիկին Սիրակ եւ Անթուանեթ Տէր Ղուկասեան եւ դուստրը` Շողիկ
Տումանեան եւ Տէր Ղուկասեան ընտանիքներ
Թաշճեան եւ Եկաւեան ընտանիքներ
Տիպ եւ Հաւաթեան ընտանիքներ
Պէլեան եւ Քիւրտեան ընտանիքներ
Նահիկեան եւ Աբրումեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՄՈՐԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1925-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 21 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի լատիններու Սենթ Անթուան եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆանարի լատիններու գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին լատիններու Սենթ Անթուան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սին Էլ Ֆիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան
Տիար Գրիգոր-Նուպար Աբրահամեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Կէօքճեան եւ դստերք
Օրդ. Վարդուհի Կէօքճեան
Տէր եւ տիկին Միհրան Պալամեան
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սեդա Սուրէնեան
Չերչեան եւ Ճըրկանեան ընտանիքներ
Չաքըր եւ Վահրատեան ընտանիքներ
Պայթարեան եւ Չննոզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԲԱՐՇ. ԽԱՉԻԿ Ա. ՍՐԿ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Կ. Պոլիս, 1919-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 21 յուլիս 2012-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 22 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել հայատառ մամուլին եւ կամ բարեսիրական հաստատութիւններուն:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերժին Խտըրեան եւ զաւակը` Արա
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Քարլա Խտըրեան եւ դուստրը` Արազ
Տիար Նահապետ եւ օրդ. Շաքէ Խտըրեան
Տէր եւ տիկին Զաւէն Խտըրեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս Խտըրեան եւ զաւակը
Տիկին Ռոզա Չինչինեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Անտոնեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Թորոսեան
Տէր եւ տիկին գնդ. Եղիշ Անտոնեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Անտոնեան եւ դուստրը
Վերապատուելի եւ տիկին Յովհաննէս Սվաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Պարտագճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Սեմիզեան եւ զաւակունք
Խտըրեան եւ Անտոնեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Տոքթորեան ընտանիքներ
Տիպան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Ադամեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԵՆՈՎՔ ԽՏԸՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ կիրակի, 22 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երկուշաբթի, 23 եւ երեքշաբթի, 24 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Ջանից սրահին մէջ:
- ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Թալաթինեան եւ զաւակունք
Տիկին Թերեզ Ճապուրեան
Տէր եւ տիկին Փիեռ Թալաթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճ Թալաթինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Ունճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Արնելեան եւ զաւակունք
Սէօքիւնեան եւ Չաքմաճեան ընտանիքներ
Քալուքեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Միսկինեան եւ Քիւմճեան ընտանիքներ
Աբէլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՎԵՐՈՆԻՔԱ ԹԱԼԱԹԻՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1925-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երկուշաբթի, 23 յուլիս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 24 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Միրելլա Մսըրեան եւ զաւակները` Քրիսթոֆ եւ Փասքալ
Տէր եւ տիկին Ռոժէ եւ Ալին Մկրտիչեան եւ զաւակունք
Յարութ եւ Կասիա Մսըրեան
Տիար Վահագն Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Աստղիկ Նիկողոսեան եւ զաւակունք
Օրդ. Սոնա Մսըրեան
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Անի Ապատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Արփի Շահապեան եւ զաւակունք
Մսըրեան եւ Մաւըլեան ընտանիքներ
Խաչատուրեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Ասատուրեան եւ Նիկողոսեան ընտանիքներ
Ապատեան եւ Շահապեան ընտանիքներ
Գասգանեան եւ Խաշընցեան ընտանիքներ
Շիրիքճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԱՐԹԻՆ ՄՍԸՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1943-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի երեքշաբթի, 24 յուլիս 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի 25 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————————————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀԱՐԿԵՐԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»
ԺԵ-Ի ԴԱՐ
Բ. ՀԱՏՈՐ Լ-Ֆ
Հեղինակ`
ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴԱՆ
Բնագիրը հրատարակութեան պատրաստեց`
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Տպարան` ZINGOGRAPH KESDENIAN
Պէյրութ, 2012
—————————————————————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի աւարտական դասարանի ֆրանսերէնի եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչի մը, որ ունի համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն: Թեկնածուները կրնան դիմել վարժարանի տնօրէնութեան քարտուղարութեան կամ իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել administration@mesrobian.com հասցէին: Ֆաքս` 01-260504 (ext. 103):
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ծանուցումներու գրասենեակ մը կարիքը ունի երկսեռ ներկայացուցիչներու, արաբերէն գիտնալը` պայման, լաւ շահաբաժին, ինքնաշարժ ունենալը` պայման:
Հետաքրքրուղները կրնան «Սի. Վի.»-ն ղրկել az-adver@yahoo.com
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- kanekour@dm.net.
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ
Պոլոնիայի շրջանին մէջ 75-90 քառ. մեթր տարածութեամբ:
Քառ. մեթրը` 1000 $:
Դիմել` հեռ. 03-704303:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 242 views
- Tweet
Email
Print



