Saturday May 25, 2013

ՀՅԴ Սարդարապատ Ակումբին Մէջ. Արմէն Արսլանեան Եւ Էտի Քէշիշեան Ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի Հեծելարշաւի Խումբերու 2012 Տարեշրջանի Տարազաւորումը

By adminx - Mon Jul 23, 6:04 am

ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդները իրենց նոր տարազով

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հինգշաբթի, 19 յուլիսին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում-հաւաք մը, որուն գլխաւոր նպատակն էր ներկայացնել ՀՄԸՄ-ի 2012 տարեշրջանի հեծելարշաւի խումբերը:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Հայկ Թապաքեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելով` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով կու գամ ձեզի տեղեկացնելու, որ այսօր հաւաքուած ենք այս սրահին մէջ` պատուելու համար ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերը եւ այս խումբերուն անդամ նախկին մարզիկներ Էտի Քէշիշեանն ու Արմէն Արսլանեանը:

Հայկ Թապաքեան

«Այսօր պիտի ներկայացնենք հեծելարշաւի խումբերուն մարզիկները` անոնց յանձնելով ՀՄԸՄ-ի 2012 տարեշրջանի տարազները` տրամադրուած վերոնշեալ երկու անձերուն կողմէ:

«Մեր մարզիկները այս տարազներով է, որ պիտի մասնակցին Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան` բարձր պահելու համար միութեան դրօշը»:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

Յակոբ Քէշիշեան

«Պէյրութի մէջ 1924-ին իր հիմնադրութենէն ետք ՀՄԸՄ իր լայն մասնակցութիւը բերած է լիբանանեան հայրենիքի մարզական զարթօնքին ու կերտած ախոյեանութիւններ այլազան մարզերու մէջ, անհատական թէ խմբային` բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի դրօշը, տեղական թէ միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին, որոնք ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած են համայն լիբանանահայութեան մօտ:

«Այդ նուաճումներուն կարգին չենք կրնար մոռնալ նաեւ հեծելարշաւի մարզը, զոր ՀՄԸՄ որդեգրած է 1931-ին եւ դարձած է լիբանանեան հեծելարշաւի ֆետերասիոնի հիմնադիր անդամներէն մէկը` 1948-ին:

«1952-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կ՛անդամակցի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, իսկ ՀՄԸՄ Զահլէ` 1955-ին:

«ՀՄԸՄ տարիներ շարունակ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ ունեցած է իր ներկայացուցիչները, որոնք ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ` ֆետերասիոնի նախագահ, գանձապահ եւ կամ թեքնիք յանձնախումբի ներկայացուցիչ:

«Այժմ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ Պէյրութի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերը, իսկ ֆետերասիոնին անդամ են ՀՄԸՄ-ական երեք եղբայրներ` Վաչէ Ծատուրեան (ֆետերասիոնի նախագահ), Նազարէթ Հապիպեան եւ Սահակ Խաչատուրեան (խորհրդականներ):

«Երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդները, ձեռք ձգուած նուաճումներուն իբրեւ արդիւնք, միութիւնն ու Լիբանանը յաճախ ներկայացուցած են արաբական, ասիական, միջմիջերկրականեան, ողիմպիական եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքերուն:

«Կարելի չէ մոռնալ հետեւեալ ախոյեաններուն անունները. Ժան Նալչայեան, Յովհաննէս Ծատուրեան, Օննիկ Պալըքճեան, Վարդգէս Ծատուրեան, Ժոզեֆ Յովնանեան, Գօգօ Աբրահամեան, Ազատ Գալայճեան, Յովհաննէս Վարժապետեան, Սարգիս Հաճինազարեան, Ներսէս Հատիտեան, Ժիրայր Խաչատուրեան, Կարօ Համալեան, Հրաչ եւ Վաչէ Ծատուրեաններ եւ քանի քանի այլ անուններ` որոնք նուաճելով խմբային թէ անհատական ախոյեանութիւններ, բաժակներ եւ զանազան մրցաշարքեր` յիշեալ փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի անունը ոսկեզօծ տառերով արձանագրած են Լիբանանի հեծելարշաւի պատմութեան մէջ:

«Երկար եւ քաջառողջ կեանք կը մաղթենք բոլորին, ինչպէս նաեւ կը խոնարհինք մեզմէ յաւերժ բաժնուած անմոռանալի մարզիկներու յիշատակին:

«Մեր փափաքն է, որ այսօրուան մարզիկները իրենց համար իբրեւ օրինակ եւ իտէալ դարձնեն այս անունները, անսակարկ նուիրումով շարունակեն քալել անոնց գծած ուղիէն ու բարձր պահեն ՀՄԸՄ-ի ջահը` միշտ հետեւելով միութեան «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր» անզուգական նշանաբանին:

«Ողջոյն մեր հին ու նոր բոլոր ախոյեան տղոց ու աղջիկներուն:

«Կեցցէ՛ եւ յաւերժ ապրի ՀՄԸՄ-ը»:

Վաչէ Ծատուրեան

Ապա, արաբերէնով խօսք առաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Այսօր, ձեր բոլորին դիմաց կը ներկայանամ իբրեւ ՀՄԸՄ-ական եւ ոչ թէ իբրեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ:

«Դուք կը պատկանիք միութեան մը, որմէ երբեք ակնկալիք պիտի չունենաք, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Ձեր բոլորիդ համար ալ գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ միայն ու միայն տալ` ՀՄԸՄ-ի համար: ՀՄԸՄ-ը այն միութիւնն է, որուն մէջ մուտք գործողը կը մոռնայ իր անձնական հաշիւները եւ կ՛աշխատի միութեան ի խնդիր` բարձր պահելով անոր անունը:

«Շատեր եկած ու անցած են: Անոնցմէ ոմանք կը յիշուին ու կ՛արժեւորուին, մինչ ուրիշներ շուտով կը մոռցուին, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի մէջ փնտռած են իրենց անձնական շահերը:

«Այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի, Պէյրութի, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու հեծելարշաւի խումբերուն տարազաւորումը` ամբողջութեամբ արդիական շապիկներով, որոնք չեն նմանիր այլ տարազներու` նկատի ունենալով, որ անոնք ժամերով մարմինը կը պաշտպանեն արեւու տաքութենէն:

«Փափաքս է, որ ատկէ մեկնելով եւ ի մտի ունենալով, որ կը կրէք ՀՄԸՄ-ի շապիկը, ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ պաշտպանէք անոր գոյները` Եռագոյնը, եւ տիրանաք ախոյեանութիւններու ու տիտղոսներու»:

… Էտի Քէշիշեան կը պարգեւատրուին

Արմէն Արսլանեան եւ…

Ապա տեղի ունեցաւ նախկին հեծելանւորդներու` Արմէն Արսլանեանի (ժամանած Պելճիքայէն) եւ Էտի Քէշիշեանի (ժամանած Լոնտոնէն) պարգեւատրումը, ձեռամբ` Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի:

Պարգեւատրումէն ետք անոնք ՀՄԸՄ-ի նոր տարազները տուին ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներուն, ապա արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը:

Անոնք երկուքն ալ անցեալի իրենց լաւ օրինակները մէջբերելով` այժմու մարզիկներուն պատուիրեցին մի՛շտ պայքարիլ ի շահ ՀՄԸՄ-ին` անոր պարգեւելով տիտղոսներ:

Հակառակ անոր որ, ըսին անոնք, այժմ դարը դարձած է արհեստավարժութեան դար, սակայն ՀՄԸՄ-ի մէջ պէտք չէ փնտռել նիւթականը եւ վազել անոր ետեւէն: Այլ վազել` տիտղոսներու եւ առաջնութիւններու ետեւէն, որոնք հանրութեան մօտ կը բարձրացնեն ՀՄԸՄ-ի անունը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան, որ այս հանդիպում-հաւաքը յօժարեցաւ հիւրընկալել:

 

Leave a Reply

Advertisement