Monday May 20, 2013

Լոնտոն-2012. Վիրաւոր Նատալ Պիտի Չմասնակցի Ողիմպիական Խաղերուն

By adminx - Mon Jul 23, 5:58 am

Ռաֆայէլ Նատալ

Eurosport կը տեղեկացնէ, որ թենիսի աշխարհի տղոց ընդհանուր դասաւորման մէջ 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 2012-ի Լոնտոնի ամառնային ողիմպիական խաղերու թենիսի մրցաշարքին:

Նատալ կ՛ըսէ, որ մինչեւ վերջին վայրկեանը կը պայքարէր, որ ի վիճակի ըլլայ մեկնելու Լոնտոն, սակայն այդ մէկը եղաւ ապարդիւն եւ ինք այդ պատճառով ունեցաւ իր կեանքին ամէնէն տխուր եւ ցաւալի պահերէն մէկը:

Leave a Reply

Advertisement