Wednesday Jun 19, 2013

Սկովտիական Ֆութպոլ. Տանտի Փոխարինեց Ռէյնճըրզը` «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ

By adminx - Mon Jul 23, 5:57 am

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Սկովտիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի 2012-2013 տարեշրջանին Ռէյնճըրզը փոխարինողը պիտի ըլլայ Տանտի:

Ինչպէս ծանօթ է, երկրին ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած Ռէյնճըրզ վերջերս դուրս դրուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-էն եւ ուղղակիօրէն փոխադրուեցաւ Դ. դասակարգ` նկատի ունենալով, որ անիկա նիւթական հսկայական պարտքերու մէջ մխրճուած էր:

1962-ին Սկովտիոյ ախոյեան հանդիսացած Տանտի 2005-էն ի վեր մաս չի կազմեր «Փրեմիեր լիկ»-ին:

 

Leave a Reply

Advertisement