Thursday May 16, 2013

Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Կայացման Հարցը Կը Մնայ Անորոշ

By adminx - Mon Jul 23, 7:49 am

Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած ապահովական ընդարձակ նիստէն պահ մը

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու առումով տրուած որոշումէն ետք, Պաապտա տակաւին յստակ կեցուածք մը չէ որդեգրած այդ նիստին կայացման գծով:

Ըստ որոշ տուեալներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պիտի սպասէ մինչեւ վաղը առաւօտ` իմանալու համար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վերջնական կեցուածքը:

Մինչ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացումը նման դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի, սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգի ղեկավար Ապու Օմար յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ են ու առողջ եւ կը գտնուին հանգիստ պայմաններու մէջ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ առեւանգեալները իրենց մօտ պիտի մնան մինչեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական եւ դատական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր, վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր խորհուրդի նախագահի տեղակալ, դատաւոր Հաթեմ Մատի եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները եւ որոշուեցաւ որդեգրել այնպիսի մեքանիզմ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի ըլլայ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն յանձնել անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:

Որոշուեցաւ յառաջիկայ հանդիպումը կատարել 30 յուլիսին` արժեւորելու համար տրուած որոշումը եւ անոր գործնական ըլլալու իրականութիւնը:

Նշենք, որ շաբաթավերջին հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղած էր երկրին քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ յատկապէս Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակիցներուն Լիբանանի գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու եւ պահպանելու երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement