Sunday May 26, 2013

Տար Ֆաթուայի Մէջ Իսլամական Վեհաժողով

By adminx - Mon Jul 23, 7:48 am

Իսլամ հոգեւոր պետերը` իրենց վեհաժողովին ընթացքին

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հրաւէրով, շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամական վեհաժողով մը` ներկայութեամբ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի եւ ալեւի համայնքի գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ասատ Ասիի:

Հանդիպումէն ետք ներկաներուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ չորս հոգեւոր պետերը ռամատանի առիթով շնորհաւորեցին լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամները:

Հոգեւոր պետերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին, ի մասնաւորի քաղաքական լարուածութեան մասին, որ կրնայ վատ ազդեցութիւն ունենալ երկրին ընդհանուր կացութեան վրայ եւ վտանգներ պատճառել:

Անոնք հաստատեցին, որ կը վստահին քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւններուն իմաստութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն գիտակցութեան` Լիբանանը չէզոք պահելու շրջանային իրադարձութիւններէն:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցան միջիսլամական միասնականութիւնը եւ անոնց ճիգերը` վերջ տալու յարանուանական լարուածութիւն հրահրող որեւէ գրգռութեան:

Իսլամ հոգեւոր պետերը ընդգծեցին նաեւ, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Լիբանանի ազգային միասնականութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան, լիբանանեան բանակին դերակատարութեան եւ ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու իրականութեան:

 

Leave a Reply

Advertisement