Friday May 24, 2013

Դամասկոսի Պայթումին Զոհերուն Սուգին Առիթով` Սուրիոյ Դեսպանը Ցաւակցութիւն Կ՛ընդունի

By adminx - Mon Jul 23, 7:45 am

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ ցաւակցութիւններ ընդունեց Դամասկոսի մէջ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած պայթումին նահատակուած սուրիական ապահովական կառոյցներու եւ բանակի պետերուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարին մահուան սուգին առիթով:

Ալի շեշտեց, որ Դամասկոսի Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղին հարուածող այդ պայթումը աւելի պիտի հզօրացնէ Սուրիան եւ ոչ թէ տկարացնէ կամ քանդէ զայն:

Իր խօսքը ուղղելով կարգ մը լիբանանեան քաղաքական ուժերու, որոնք Լիբանանի մէջ արտաքին օրակարգեր կը գործադրեն, Ալի ըսաւ, այդ ուժերը պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հաշիւները եւ վերջ տան Սուրիոյ արիւնահեղութեան աջակցութեան:

«Սուրիոյ ապագան պիտի ըլլայ իր եւ իր բարեկամ երկիրներուն համար», շեշտեց Ալի:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ դեսպան Ալիի հետ եւ անոր ներկայացուց իր ցաւակցութիւնները` խնդրելով անկէ, որ ան իր ցաւակցութիւնները փոխանցէ նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն:

Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ գործուած անարգ պայթումը, որուն պատճառով սպաննուեցան Սուրիոյ ապահովական կառոյցներուն պետերը:

Խալիլ շեշտեց սուրիացի ժողովուրդին կողմէ իր պետութեան, հայրենիքին եւ զանոնք պաշտպանելու ճիգերուն շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը:

Ցաւակցութիւններ յայտնեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, որ յայտնեց, թէ Սուրիա ահաբեկչական որեւէ գործողութենէ մը շատ աւելի զօրաւոր է: Ան աւելցուց, որ Դամասկոսի մէջ ինկած ղեկավարները բարձր մակարդակի ապահովական պատասխանատուներ են եւ Սուրիոյ ընտրանին կը կազմէին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ սպանութիւնն ու բռնարարքները ոչ մէկ արդիւնքի կրնան յանգիլ:

Նիքոլա ընդգծեց երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` դրական արդիւնքներով հարցերը լուծելու համար: Ան շեշտեց, որ ուժի օգտագործումին պարագային միայն ուժով կարելի կ՛ըլլայ պատասխանել, իսկ ոճիրը միայն այլ ոճիրներու պատճառ կը դառնայ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ երկար ատենէ ի վեր Սուրիա Դիմադրութեան եւ ամերիկեւիսրայէլեան ախորժակներուն դէմ պայքարող երկիրներուն շղթային մէջ մեծագոյն օղակը կը կազմէ:

Խալիլ շեշտեց, որ այս քստմնելի ոճիրը Սուրիոյ կամքը կը զօրացնէ` աւելցնելով, որ ցաւակցութիւնը պէտք է թշնամիին ուղղուի եւ ոչ թէ սուրիացիներուն:

Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց` ընդգծելով, որ սուրիացի ապահովական պատասխանատուներուն սպանութիւնը երկչոտ արարք մըն է:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենց զէնքի ընկերները թիրախ դարձուցած պայթումը մաս կը կազմէ Սուրիոյ դէմ գործուած դաւադրութեան:

Ռաատ շեշտեց, որ այդ դաւադրութիւնը կը միտի Սուրիոյ Դիմադրութեան դերակատարութեան վերջ մը տալ: «Սակայն մենք վստահ ենք, որ սուրիացի ժողովուրդին ու անոր քաջ եւ իմաստուն ղեկավարութեան շնորհիւ Սուրիա այս տագնապէն յաղթական դուրս պիտի գայ», շեշտեց Ռաատ:

Ալիի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement