Tuesday Jun 18, 2013

«Քրիստոնեաները Պէտք Է Դրական Դերակատարութիւն Ունենան Լիբանանի Տագնապին Լուծման Մէջ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

By adminx - Mon Jul 23, 7:44 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնեաները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն եւ դրական դերակատարութիւն ունենան` լուծելու համար Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ներքին բոլոր մակարդակներուն վրայ արձանագրուած տագնապալի կացութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին ապահով զգալու եւ ընդմիշտ դուրս գալու մտահոգ իրավիճակէն:

Ան շեշտեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններն ու տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը պէտք է վերջ տան մտահոգութիւն պատճառող այս իրավիճակին` ցաւ յայտնելով, որ տակաւին Լիբանանի մէջ կայ ցոյցեր կազմակերպելու, ճամբաներ փակելու, ապօրինի զէնք պահելու եւ սպանութիւններ կատարելու իրականութիւնը, «որովհետեւ անոնց պատճառով երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ անտառի օրէնքին վերադառնալու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement