Հարիրի Մտահոգ Է Սպանութիւններուն Վերադարձով
By adminx - Mon Jul 23, 7:43 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ռամատանի առիթով շնորհաւորեց իսլամները` մաղթելով, որ այդ ամսուան ընթացքին ներողամտութեան ու եղբայրութեան զգացումները յաղթանակեն եւ անիկա առիթ մը ըլլայ ոմանց համար` անսալու իրենց խիղճին, յատկապէս նկատի ունենալով այն մտավախութիւնները, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն դէմ մահուան սպառնալիքները թափ ստացած են, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը կը շարունակէ մերժել տեղեկութիւններուն յանձնումը` նախապէս գործուած մահափորձերուն գծով բացուած հետաքննութիւններուն աշխատանքը դիւրացնելու համար:
Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան այս մօտեցումը խիստ մերժելի է, որովհետեւ լիբանանեան իշխանութիւնները պարտաւորութիւն ունին յստակ կեցուածք ճշդելու` ազգային այս հսկայ փորձանքներէն փրկելու համար երկիրը:
Հարիրի մաղթեց նաեւ, որ ռամատանը ըլլայ առիթ մը` սուրիացի ժողովուրդին յաղթանակին:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



