Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Mon Jul 23, 7:43 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը մաղթէր, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պոյքոթի չենթարկէին Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի, այլ երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցն է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ծրագրէ աւելի հզօր եւ ազդու կերպով լիբանանեան պետութեան տիրել` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պարտութենէն ետք:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ յառաջիկային Լիբանանի կառավարութեան վարուելակերպն ու դերակատարութիւնը պիտի բարելաւուի: Ան շեշտեց, որ ինք ոմանց զգուշացուցած է եւ ըստ երեւոյթին պատգամը պէտք եղած տեղը հասած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծման առումով հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են. ան աւելցուց, որ Պքերքէի յանձնախումբը տակաւին երկու նիստի կարիք ունի` աւարտելու համար ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իր ծրագիրը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւնը միակ միջոցն է Լիբանանը դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապէն: Շարպել նշեց, որ նախագահական պալատին մէջ շաբաթավերջին գումարուած նիստին արդիւնքները «գերդրական» են:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու առումով, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ջանքերը դրական ընթացքի մէջ են:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ Դամասկոսի պայթումը Սուրիան այլ հանգրուան փոխադրած է: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ հանգրուանին բախումները աւելի եւս պիտի սաստկանան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք համոզուած են ազգային երկխօսութեան ընտրանքով, սակայն լիբանանցի քաղաքացին յուսախաբ եղած է այլեւս այն երկխօսութիւններէն, որոնք ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգին:
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ նախարար մը Ուզի Լանտաու յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի չարտօնէ, որ քիմիական զէնքերը Սուրիայէն փոխանցուին Հըզպալլայի կամ Քայիտայի: «Իրանի, Հըզպալլայի եւ Քայիտայի պատասխանատուները պէտք է քաջ գիտնան, որ Պուլկարիոյ դէմ գործած անոնց վերջին յարձակումին համար սուղ պիտի վճարեն», սպառնաց ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ այս հանգրուանը զգայուն հանգրուան մըն է, որուն ընթացքին ազգային երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն տագնապը կ՛ուղղուի դէպի լուծում:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուած յարձակումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած է եւ արաբական երկիրներուն կողմէ ֆինանսաւորուած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլան է, որ կ՛արգիլէ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ գործուած մահափորձին յատուկ տեղեկութիւնները տրամադրելէ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ Լիբանան դժուար եւ վտանգաւոր կացութիւն ու պայմաններ կը դիմագրաւէ, իսկ պահանջուածը այն է, որ որեւէ ժամանակէ աւելի այս հանգրուանին կատարուի լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կառավարութիւնը ամբաստանեց երկրին մէջ կատարուող ահաբեկչական գործողութիւններուն մեղսակցելու յանցանքով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատն է, որ «պայթեցուցած» է Ազգային երկխօսութեան նիստը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ապարդիւն է մաս կազմել այնպիսի Ազգային երկխօսութեան նիստի մը, որուն մասնակցող այլ ուժեր կը շարունակեն ծածկել եւ հովանաւորել ոճրագործները:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ երկու երիտասարդներ խոշտանգուած են Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի եւ անոր համակիրներուն կողմէ: Խոշտանգուած երկու երիտասարդները ուղղուած են Սայտայի ոստիկանատուն եւ բողոքած շէյխ Ասիրի եւ անոր հետեւորդներուն դէմ:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցին դէմ անծանօթներ ձայնային ռումբ մը նետած են` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: Ներքին ապահովութեան ուժերը ըստ այնմ հետաքննութիւն բացած են այդ հարցին գծով:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ երկիրը առանձին չի կրնար տոկալ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն բեռին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ երեքշաբթի օր Խալտէի մէջ անհետացած են զուիցերիացի կին մը եւ իր ութ տարեկան զաւակը:
ՍԵՆՏԻՔԱՆԵՐՈՒ աշխատանքները համակարգող խորհուրդի անդամ, Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ այսօրուընէ սկսեալ ուսուցիչները պիտի ըմբոստանան` իբրեւ բողոք իրենց յաւելումներուն գծով տրուած որոշումին գործադրութիւնը ձգձգելու դէմ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի 4 աստղանի պանդոկները հարիւր առ հարիւր լեցուն են, իսկ 5 աստղանի պանդոկները` 70 առ հարիւր:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած Հապիպ Շարթունի յայտնեց, որ Պաշիրի սպանութիւնը փրկած է Լիբանանը եւ արգիլած Մեծն Իսրայէլի կերտումը:
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



