Wednesday Jun 19, 2013

Սուրիա. Բախումները Կեդրոնացան Դամասկոսի Եւ Հալէպի Մէջ

By adminx - Mon Jul 23, 7:39 am

Սուրիացի բանակայիններ` իրենց հակակշիռին տակ առնելէ ետք Դամասկոսի շրջաններէն մէկը

Մինչ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարներու յատուկ յանձնախումբը Տոհայի մէջ երէկ երեկոյեան կը կատարէր ժողով մը` քննելու Սուրիոյ հետ կապուած վերջին իրադարձութիւնները եւ ՄԱԿ-ի ու շրջանային մակարդակի վրայ տարուող ջանքերուն արդիւնքները, Սուրիոյ մէջ կը շարունակուէին բախումները` բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ:

Շաբաթավերջին կռիւները կեդրոնացան մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ Հալէպի եւ Տէր Զօրի Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիներուն շուրջ: Սուրիոյ ապահովական ուժերը ուղղաթիռներով ռմբակոծեցին ընդդիմադիրներու կեդրոններ եւ յայտարարեցին, թէ 24 կամ 48 ժամուան ընթացքին կ՛աւարտեն «Դամասկոսը զինեալներէ մաքրելու գործողութիւնը»: Ապահովական ուժերը նոյնպէս Հալէպի մէջ կատարեցին լայնածաւալ գործողութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպաննուեցան տասնեակ զինեալներ, իսկ ուրիշներ յանձնուեցան բանակին:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Իրաքի սահմանին վրայ գտնուող եւ ընդդիմադիր զինեալներուն կողմէ գրաւուած երկու սահմանակէտերէն մէկը, մինչ ընդդիմադիր ուժերը յայտարարեցին, որ գրաւած են Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող սահմանակէտ մը` դիտել տալով, որ «սահմանակէտերու գրաւումը ռազմավարական կարեւորութիւն մը չունի, այլ միմիայն կը ծառայէ հոգեկան ճնշում բանեցնելու նախագահ Ասատին վրայ»:

Այլ գետնի վրայ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ թրքական բանակը իր ուժերը կը խտացնէ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ եւ հակաօդային հրթիռներու սարքեր ու հրասայլեր կ՛ուղարկէ սահման:

Իր կարգին, Սուրիոյ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ բախումներուն սկսելէն ի վեր, Սուրիոյ մէջ սպաննուած է շուրջ 19,106 հոգի, որոնցմէ 13,296-ը քաղաքացիներ են, ներառեալ` զինեալներ, 4861-ը` ապահովական ուժեր եւ բանակայիններ, իսկ 949-ը` բանակէն անջատուած զինեալներ: Կազմակերպութիւնը նաեւ նշեց, որ այս թիւերը չեն ներառեր անյայտ կորսուած հազարաւոր քաղաքացիները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement