Wednesday May 22, 2013

Սէուտական Արաբիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Նոր Պետը Ճորճ Պուշին Բարեկամն Է

By adminx - Mon Jul 23, 7:37 am

Պանտար Պըն Սուլթան

Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզի հրահանգով, երկրին գաղտնի սպասարկութեան նոր պետ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Պանտար Պըն Սուլթան իշխանը:

Պանտար Պըն Սուլթան թագաւորական հրահանգով յաջորդեց Մուքրին Պըն Ապտել Ազիզին, որ իր կարգին նշանակուեցաւ թագաւորի յատուկ պատուիրակ եւ նախարարական մակարդակի խորհրդատու:

Նշենք, որ գաղտնի սպասարկութեան նոր նշանակուած պետը, որ 1983-էն մինչեւ 2005 վարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնը, բարեկամական յատուկ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշին եւ անոր ընտանիքին հետ: Ան նաեւ պիտի շարունակէ վարել Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի իր պաշտօնը:

Կատարուած պաշտօնափոխութիւններուն պատճառը պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ:

 

Leave a Reply

Advertisement