Wednesday May 22, 2013

Չինաստանի Գրեթէ Ամբողջ Բնակչութիւնը Ճափոնի Հետ Պատերազմին Համամիտ Է

By adminx - Mon Jul 23, 7:35 am

Չինական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով թայուանական «Չայնա Թայմզ» օրաթերթի կատարած հարցախոյզին արդիւնքները, կը հաղորդեն, որ Չինաստանի գրեթէ բոլոր քաղաքացիները Ճափոնի հետ տարածքային վէճի ուժային միջոցով լուծումը ճիշդ կը նկատեն: Խօսքը կը վերաբերի Տիաույուտաօ կղզիներու խումբին, որուն նկատմամբ յաւակնութիւններ ունի նաեւ Թոքիօ:

Թայուանի բնակչութեան 41 առ հարիւրը  համաձայն է ուժային դիպաշարին, իսկ 31 առ հարիւրը` դէմ:

Չինաստանի բնակչութեան 52 առ հարիւրը եւ Թայուանի բնակչութեան 40 առ հարիւրը համոզուած են, որ Ճափոնի հետ գոյութիւն ունեցող տարածքային խնդիրը կրնայ պատերազմի պատճառ դառնալ:

Յիշեցնենք, որ Փեքին-Թոքիօ յարաբերութիւնները սրեցան, երբ Ճափոնի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ մտադիր են ազգայնացնել Տիաույուտաօ կղզիներու խումբը` հողատարածքները գնելով անոնց սեփականատէր անհատներէն:

Leave a Reply

Advertisement