Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին Վերընտրութիւնը
By adminx - Mon Jul 23, 7:32 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Արամ Ա. կաթողիկոս իմանալէ ետք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին վերընտրութիւնը, հետեւեալ նամակը յղեց նորընտիր նախագահին:
Վսեմաշուք
Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Սիրելի՛ պրն. նախագահ,
Ուրախութեամբ իմացանք ձեր վերընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Անցնող շրջանին, դուք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայեցիք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման, մեր ժողովուրդի տնտեսական կեանքի բարելաւման, Արցախի քաջարի բանակի առաւել կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ծիրին մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրէն միշտ իր զօրակցութիւնը գործնապէս յայտնած է: Կը վստահեցնենք ձեզ, որ վերանորոգ թափով մեր Սուրբ աթոռը եւ մենք անձնապէս պիտի շարունակենք թիկունք կանգնիլ ձեր բոլոր աշխատանքներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացումն է ու ծաղկումը:
Այս առիթով, անձնապէս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր վերընտրութիւնը եւ ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն ձեր ազգային առաքելութեան մէջ:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր հովանիին ներքեւ պահպանէ ու պաշտպանէ մեր սիրելի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր պետական կառոյցներով, քաջարի բանակով ու ժողովուրդով:
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



