Խանասորի Արշաւանքին 115-Ամեակին Առիթով Հայ Պատանիի Օրուան Հոգեպարար Եւ Գօտեպնդիչ Հանդիսութիւն
By adminx - Mon Jul 23, 7:21 am
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` կիրակի, 22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ գտնուող ոեւէ հայ չէր կրնար հպարտութեամբ չլեցուիլ, յոյսով չամրապնդուիլ եւ գոհունակութեամբ չհամակուիլ` ի տես հայութեան եւ Դաշնակցութեան ապագան մարմնաւորող Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներուն հնչեցուցած ազգային-յեղափոխական երգերուն ու մէջբերուող գօտեպնդիչ խօսքերուն, հայաշունչ բանաստեղծութիւններուն, հայու վճռական քայլերուն կշռոյթով ներկայացուցած հայկական պարերուն եւ յատկապէս` անոնց տուած հայ պատանիի վճռական ու հոգեպարար խոստումին:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակին առիթով տեղի ունեցած Պատանիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներով: Ապա ձեռնարկին բացումը կատարեցին եւ յայտագիրը վարեցին պատանիներ Վարագ Տիւքենճեան եւ Վանեսա Պարտաքճեան:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին խօսքը արտասանեց Լուսիկ Տէր Գալուստեան, որ Խանասորի արշաւանքի կարեւորութեան անդրադառնալով` լուսարձակի տակ առաւ դաշնակցական պատանիի կեանքին մէջ այդ փառաւոր յաղթանակին ունեցած դաստիարակիչ դերակատարութեան, ներշնչման աղբիւր հանդիսանալուն: Ան նշեց, որ 25 յուլիս 1897-ի Խանասորի արշաւանքով պատմութիւն կերտուեցաւ հայոց հողին վրայ, որովհետեւ անիկա հանդիսացաւ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ տրուած հատու պատասխան մը, որով հայ ժողովուրդը ուղղեց ստրկացման տակ կքած իր մէջքը: «Յուլիս 25-ը շատոնց նուաճած է իր բացառիկ տեղը հայ ժողովուրդի խոյանքը մարմնաւորած անմոռանալի եւ յաւէտ պաշտելի թուականներու շարքին: Ու «Խանասորի արշաւանքի երգ»-ը արժանաւորապէս դարձաւ այդ վկայութիւնը, որ ահա 115 տարի է, որ ամենայն հպարտութեամբ կը հնչէ հայոց սերունդներուն եւ ի մասնաւորի դաշնակցական պատանիին շրթներէն` յուլիս 25-ի յաղթական արշաւանքը վերածելով իրենց գաղափարական ներշնչման կենարար աղբիւրին, որովհետեւ դաշնակցական պատանին լաւապէս կը գիտակցի, որ ինք պէտք է մնայ ազգային ապրումի ներշնչարան եւ մաքուր ու գաղափարական նկարագիրներու կերտիչ»:
Լ. Տէր Գալուստեան նաեւ անդրադարձաւ հայկական իրականութեան մէջ դաշնակցական պատանիին ունեցած դերակատարութեան` իբրեւ թարմացնող, երիտասարդացնող եւ ապագայի յաղթանակները մարմնաւորող տարր: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ պատանիները այս ձեռնարկով անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, որ իրենք կրցան տէր կանգնիլ իրենց փոխանցուած առաքելութեան ու կտակին:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հետաքրքրական էր այն, որ հաղորդավարները մէջբերումներ կը կատարէին այն անձնաւորութիւններէն, որոնց անունով կոչուած էր այն պատանեկան միութիւնը, որ բեմ կը հրաւիրուէր:
Ողջունելի եւ տպաւորիչ էր այս երեւոյթը: Յայտագիրը սկսաւ «Գարեգին Նժդեհ» պատանեկան միութեան անդամներուն կողմէ ներկայացուած «Պատերազմ էք գնում» երգով, որուն յաջորդեց «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ Գարին Գանտահարեանի ասմունքը, ապա «Ա. Ջամալեան» պատանեկան միութենէն Շիրազ Մոսկոֆեան նուագեց կիթառի վրայ: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը` «Մուշ» պարով, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը` Գետաշէն երգով, զոր մեկնաբանեց Կարինէ Շատոյեան, «Յառաջ»-էն Ցոլեր Տումանեան ասմունքեց «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն»-ը, «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Նարեկ Ճեմճեմեան երգեց «Ղարաբաղ»-ը: «Ա. Ջամալեան» միութենէն Սանահին Նալպանտեան հանդէս եկաւ ասմունքով, «Կոմս»-էն Ռիթա Թաշճեան եւ Մարիա Անանեան ասմունքեցին, «Յառաջ» միութենէն Լալէ Անտոնեան նուագեց սրինգի վրայ, «Քրիստափոր»-էն Սեւակ Պեքերեճեան ասմունքեց, «Ռոստոմ» միութեան պատանիները երգեցին, իսկ գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն կողմէ «Մենք ենք մեր սարերը» երգին վրայ ներկայացուած պարով:
Պատանիներուն խօսքը արտասանեց Շահէն Արապօղլեան, որ անդրադարձաւ դաշնակցական պատանի ըլլալու առաւելութիւններուն, անոր տրուած դաստիարակութեան, յեղափոխաշունչ ու ազգային մթնոլորտին մէջ հասակ նետելու յատկանշական առիթին: Ան դիտել տուաւ, որ դաշնակցական պատանին առիթ կ՛ունենայ հաղորդուելու մեր հերոսներուն հետ, սորվելու անոնց նուիրուած երգերը, ներշնչուելու պատմական յատկանշական դրուագներով` դասախօսութիւններու, զարգացման մրցումներու եւ այլ ծրագիրներու ճամբով: Դաշնակցական պատանին հաստատեց, որ իրենց երազն է ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանն ու Արարատը, ազատագրուած տեսնել ամբողջ Արցախը, որուն ազրպէյճանական սպառնալիքներ չկան, տեսնել արդարութիւնը` ճանչցուած եւ յարգուած, տեսնել, թէ աշխարհի բոլոր երկիրները կ՛ընդունին արիւնարբու եղեռնը անցեալի, տեսնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:
Իր խօսքի աւարտին Շահէն Արապօղլեան կոչ ուղղեց պատանեկան տարիք ունեցող բոլոր տղոց եւ աղջիկներուն` միանալու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու շարքերուն, ունենալու առողջ եւ օգտակար պատանեկան կեանք ու օժանդակելու հայ ժողովուրդի երազներու իրականացման:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որուն ընթացքին մրցանակներ ու նուէրներ յանձնուեցան տարուան ընթացքին Ընդհանուր վարիչ մարմինի կողմէ կազմակերպուած դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրներուն յաղթողներուն:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսն ու դաշնակցական պատանիի խոստում տուողներուն կնքահայրը` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ իր խօսքին սկիզբը ողջունեց նման ձեռնարկի մը կայացումը, որովհետեւ ներկայ ժամանակներու անտարբերութեան եւ այլասերման հոսանքին դէմ կանգնելու արտայայտութիւն է անիկա, որուն ընդմէջէն դաշնակցական պատանիները կը փաստեն իրենց վճռակամ ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը` հետապնդելու Հայ դատն ու հայկական բոլոր իրաւունքները: Ապա ան վեր առաւ Խանասորի արշաւանքին տեղն ու արժէքը հայոց պատմութեան եւ հայութեան կեանքին մէջ` անդրադառնալով նաեւ նման յատկանշական օրուան մը հետ զուգորդուած Դաշնակցական պատանիի օրուան: Յ. Բագրատունի խօսքը պատանիներուն ուղղելով զանոնք հրաւիրեց լաւապէս ունկնդրելու ու հասկնալու 115 տարի առաջ կատարուած եւ մինչեւ օրս կենդանի մնացող Խանասորի դաշտէն քիչ մը հեռու տրուած խոստումը` հաստատելով, որ մենք եւս այսօր պէտք է պարտաւոր զգանք մինչեւ մեր արեան վերջին կաթիլը, մինչեւ վերջին շունչը, մեր ամբողջ զօրութեամբ պաշտպանելու մեր դրօշակը, մեր ընկերները եւ մեր ղեկավարները:
Իր խօսքի վերջին բաժինով ան շեշտը դրաւ դաշնակցական պատանի ըլլալու կարեւորութեան եւ անոր վրայ դրուած մեծ պարտաւորութեան վրայ` հաստատելով, որ խոստում տուած պատանին անպայման տարբեր կ՛ըլլայ միւս պատանիներէն, որովհետեւ ան Խանասորի դաշտին վրայ երդում կատարող հայդուկներուն ժառանգորդը կը դառնայ:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով պատանիներուն` տէրը ըլլալու իրենց խոստումին, իրենց շարքերուն միացնելու այլ տղաք ու աղջիկներ, իրենց խիտ շարքերով զօրացնելու հայութիւնն ու Դաշնակցութիւնը:
(Յ. Բագրատունիի խօսքը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակենք «Ազդակ»-ի յաջորդող թիւերով):
Ապա երեսփոխան Բագրատունի ընթերցեց Դաշնակցական պատանիին խոստումը, զոր կրկնեցին բեմին վրայ համախմբուած 105 պատանիները:
Այս յուզիչ եւ լիացուցիչ արարողութեամբ վերջ գտաւ հանդիսութիւնը` «Մշակ բանուոր»-ով:
- 0 Comments
- 179 views
- Tweet
Email
Print







