Sunday May 26, 2013

Հաղորդագրութիւն

By adminx - Mon Jul 23, 7:20 am

Ուրբաթ, 20 եւ շաբաթ, 21 յուլիս 2012-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 54-րդ Պատգամաւորական ժողովը` ներկայութեամբ միութեան 26 մասնաճիւղերէն եկած պատգամաւորներու, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին (ի պաշտօնէ) եւ հրաւիրեալ անդամներու:

Երկօրեայ նիստերու ընթացքին Պատգամաւորական ժողովը քննեց ԼՕԽ-ի 2010-2012 երկամեակի գործունէութեան տարբեր մարզերը եւ համապատասխան արժեւորման ենթարկեց իրագործուած աշխատանքները:

Պատգամաւորական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայութեան ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական կարիքներուն, միաժամանակ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բարգաւաճման ծրագիրներուն: Այս ուղղութեամբ մշակուեցան համապատասխան ծրագիրներ` ԼՕԽ-ի առաքելութեան նպաստող աշխատանքներուն համար:

Իր աշխատանքներուն աւարտին, Պատգամաւորական ժողովը ընտրեց 2012-2014 երկամեակի Շրջանային վարչութեան նոր կազմը` բաղկացած հետեւեալներէն.

Մարալ Յովհաննէսեան, Սանդուխտ Հերկելեան, Նազելի Աւագեան, Մարօ Չոգագլեան, Սիւզան Օհանեան, Ցոլինէ Խաչատուրեան, Սօսի Քէօյլեան, Սօսի Պոյաճեան, Սիրուն Վարդապետեան, Մարինա Նորամանեան եւ Ազատուհի Սարգիսեան:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement