Արարատէն Քիլիմանճարօ
By adminx - Mon Jul 23, 5:37 am
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Խումբ, որ անցնող տարիներու Արարատի բարձունքի փորձառութեան վրայ կ՛ուզէ այսօր աւելցնել Ափրիկէի տանիքը սեպուող այս գագաթն ալ:
Խումբին մէջ են անհատներ, որոնք Արարատի գագաթէն ետք, տարիներէ ի վեր կ՛երազեն այս մէկը:
Խումբին անդամներն են` Գնէլ Անանեան, Արա Թէքեան, Նարինէ Կիլներ, Արթուր Մելքոնեան, Աշոտ Յովհաննէսեան, Սոնա Արմէնեան, Սարօ Արմէնեան, Յարութիւն Արմէնեան:
Պատրաստութիւնը ամիսներու վրայ կ՛երկարի: Ամէնօրեայ հաղորդակցութիւններով կարեւոր հարցեր իրենց լուծումները կը գտնեն` շնորհիւ Սոնայի կազմակերպչական աւանդին:
Ամէնէն մտահոգիչը օդի նօսրացման ու բարձրութեան հետ կապուած հիւանդութեան հաւանական հարցերն են: Վախ չունինք խումբի անդամներուն կարողականութենէն ու պատրաստութենէն:
- Հզօր խումբ ենք,- կ՛ըսէ մեր ամէնէն փորձառու լեռնագնաց Արթուրը` քաջալերական իր ժպիտով:
Վերջին ամիսներու պատրաստութեան ընթացքին քալիֆորնիացիները բարձրացած են Լոս Անճելըսի շրջանին ամէնէն բարձր գագաթները, իսկ Հայաստանի տղաքը քանի մը անգամ ելեր ու իջեր են Արագածի ու նաեւ Աժդահակի գագաթները:
Յունիսի սկիզբը Հայաստան կարճ ճամբորդութեանս ընթացքին ես ալ իրենց հետ եմ, երբ կը բարձրանանք Աժդահակի ու Արագածի գագաթները: Արագածի վրայ մենք կը մռլտանք պայմանական մեր երգը.
Քելէ քելէ
Պոյիդ մեռնեմ
Քլի քիլի
Մանճարօ
Քիչ մը մտահոգ եմ: Եօթանասունամեակս դեռ շաբաթ մը առաջ տօնեցինք. բժիշկս շատ քաջալերող չէր այս արկածախնդրութեանս նկատմամբ: Բայց Սոնային ու մանաւանդ մեր տղուն` Սարոյին հետ այս գագաթը որպէս ընտանիք միասին բարձրանալու առիթը չեմ ուզեր փախցնել: Յունիսի 24-ին արդէն հաւաքուած ենք Մոշի, Թանզանիա: Առաւօտեան ամէն մարդ պատրաստ է ու ճամբայ կ՛ելլենք®
Որոշած ենք Ռոնկայի դժուար ուղիով բարձրանալ հինգ օրէն: Առաջին չորս օրերը բաւական դիւրին կ՛անցնին բոլորիս համար:
Մեծ դժուարութիւնը վերջին օրն է, երբ կէս գիշերին ճամբայ կ՛ելլենք: Չափազանց ցուրտը եւ օդին նօսրութիւնը մեզ շատ դանդաղեցուցած են: Մութին` վեց ժամէն կը հասնինք Կիլմըն, որմէ ետք մօտ երկու ժամէն գագաթին ենք` Ուհուրու, 5895 մեթր:
Յունիս 30-ի առաւօտն է, ժամը 8:30:
Սքանչելի արեւածագ: Ամէն կողմ ծածկող սառոյցին ու ձիւնին հիանալի փայլքը:
Խանդավառութեան եւ ուրախութեան սահման չկայ:
Տղաքը երկու եռագոյն դրօշներ կը պարզեն, մէկը Երեւանէն, իսկ միւսը` Լոս Անճելըսէն բերուած:
Կը նկարուինք:
Վերադարձը աւելի դիւրին է եւ մեր 76 քիլոմեթրի ճանապարհորդութիւնը վերջ կը գտնէ մեր այնքան կարօտցած տաք բաղնիքով:
Այսօր Քիլիմանճարոյի մեր փորձառութիւնը արդէն անուշ ու հաճելի յիշատակներու շարքի մըն է վերածուած:
Ութ հայորդիներ, մէկ ոգի:
Յուլիս 16, 2012
- 0 Comments
- 57 views
- Tweet
Email
Print




