Thursday May 16, 2013

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի 90-ամեակի Հունձքը

By adminx - Mon Jul 23, 5:36 am

Ոգեւորութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ եւ նոր յոյսերով ներշնչուած ծնողներ ու հարազատներ անձկանօք կը սպասէին Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդիսութեան բացումին:

Շաբաթ, 9 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տօնական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, որ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Սրտապնդիչ երեւոյթ էր լսել հայերէնով եւ արաբերէնով ողջոյնի խօսքեր երկու շրջանաւարտներէ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն ու փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը: Այս հանդիսութեան ընթացքին օրհնութեան ալիքը տարածուեցաւ մանուկներու միջոցով, որոնք մանկական քաղցր թոթովանքով հատուածներ կարդացին Ս. Գիրքէն, ապա միանալով իրենց դասընկերներուն` ներկայացուցին հոգեւոր երգերու շարք մը:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները: Անոնց անմեղ շրթներէն թրթռացին մանկական երգերն ու արտասանութիւնները: Ուշագրաւ էր հանրածանօթ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեանի եւ իր զաւկին` Արային «Գարնանային քայլերգ» երգին մեկնաբանութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն: Տեղի ունեցաւ նաեւ մանկապարտէզի առօրեան յաւերժացնող նկարներու ցուցադրութիւն:

Մանկապարտիզպանուհի Անիթա Քէլէշեան, ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, որ շրջանաւարտից այս հանդիսութիւնը հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեան ապացոյց մըն է, որովհետեւ մեր փոքրիկները հասակ առին Աստուծոյ սիրոյ հովանիին տակ: Ան մատնանշեց, որ հայ վարժարանը այն տաքուկ օրրանն է, ուր հայ մանուկը կը գօտեպնդուի բարոյական արժէքներով, կ՛օժտուի կրթական բարձր գիտելիքներով ու նուրբ ճաշակով, կը սորվի արժեւորել ու պահպանել հայկական ու քրիստոնէական արժանիքները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրավիգ կանգնեցան մանկապարտէզի յառաջդիմութեան, ապա հրաժեշտ տուաւ շրջանաւարտներուն` մաղթելով, որ ապագային անոնք հասնին պատուաբեր ու յառաջատար դիրքերու:

Վարժարանի նախկին շրջանաւարտներու առաջնորդութեամբ, բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց լուսանկարները զետեղուած էին նախշուած շրջանակներու մէջ` յաւելեալ փայլք տալով բեմի «հեքիաթային աշխարհ»-ին: Երկու շրջանաւարտներ իրենց դասընկերներուն անունով երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքեր փոխանցեցին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն` խոստանալով ըլլալ պարտաճանաչ ու աշխատասէր, յաջողութեամբ նուաճելու համար նոր հանգրուաններ:

Վկայականներ ստացան` Այանեան Միքայէլ, Արապեան Քրիստ, Գազեզեան Կալինա, Թորոսեան Սերա, Խրիմեան Քրիստ, Հայթայեան Փաթիլ, Ղազարեան Լուչիանա, Ճիկերեան Սէրլի, Մանճիկեան Արի-Գէորգ, Մըրշետ Էմմանուէլ, Շիտիաք Կրէյս, Ռըզեան Սէրակ, Սարաֆեան Ալին, Տիշչեքենեան Արա, Քերթեշեան Սարին, Քորտահի Ուատիհ:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ դպրոցի ճակատագրական ու անփոխարինելի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` մարդկային արժէքներու ու հոգեւոր սնունդի անհրաժեշտութեան վրայ: Ան հաստատեց. «Այս է մեր դպրոցին առաքելութիւնը` հայ մանուկը դաստիարակել, ներշնչել ու ուղղել Աստուծոյ սիրոյ ներքեւ ու ազգասիրական ոգին արթնցնել ու զարգացնել ազգայնաշունչ երգերով ու հայրենասիրական արտասանութիւններով»:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հրաժեշտի նախորդող վայրկեաններուն բեմը կը խայտար շրջանաւարտներու զուարթ արտայայտութիւններով, որոնք բոլորուած էին հատելու համար իննսունամեակի խորհրդապատկերը կրող կարկանդակը: Աւարտին` հնչեցին շնորհաւորական երգեր ու տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Leave a Reply

Advertisement