Wednesday Jun 19, 2013

50 Տարի Առաջ ( 23 Յուլիս 1962 )

By adminx - Mon Jul 23, 5:31 am

Հայկական Կեանք

Գամիշլիի Հայերը
Առաջնորդարան Կը Շինեն

Գամիշլիի մէջ, հիւսիսային Սուրիա, ազգային հանգանակութեան մը ձեռնարկուած է առաջնորդարանի եւ դահլիճի բազմածախս շինութեան համար:

Առանց փողի եւ թմբուկի` ձեռնարկը յաջողութիւն գտած է: Քանի մը բարեսէր ազգայիններ, Ճեզիրէի առաջնորդ Տաճատ արք.ի հետ համախորհուրդ, զիրար քաջալերած են:

50,000 ս. ոսկիի նուիրատուութիւն մը բացուած է` հիմնելու Ազգային առաջնորդարան մը, իր կահաւորուած բազմաթիւ սենեակներով ընդարձակ դահլիճ մը` արդիական իր կառուցուածքով:

Յիսուն հազար ս. ոսկին տասնեակ մը նուիրատու ազգայիններու համար թերեւս խոշոր գումար մը կը նկատուի, բայց որպէս գեղեցիկ նպատակի մը ատաղձ, ունեցած է իր փրկարար նշանակութիւնը գաղութի վարկին բարձրացման ճամբով:

Գովելի եւ մխիթարական է առաջնորդ սրբազանին եւ նուիրատու ազգայիններուն շինարարական ոգին:

 

Այց Վարանդեանի Շիրիմին

«Յառաջ»-ի մէջ (17 յուլիս) կը կարդանք.-

Կիրակի առաւօտ, 1 յուլիսին, նորսերնդականներէ եւ ընկեր-ընկերուհիներէ բաղկացած ստուար խումբ մը այցի գնաց մեծ հայուն` Մ. Վարանդեանի շիրիմին: Ծաղկեպսակներ դրուեցան դամբարանին վրայ` ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին, Կապոյտ խաչի, Համազգայինի եւ «Նոր Սերունդ»-ին կողմէ: Յիշեալ կազմակերպութիւններուն անունով շիրիմին առջեւ եւ նոր սերունդին ուղղուած իրենց խօսքը ըսին` Շ. Նարդունի, Կ. Փոլատեան, Պ. Սնապեան եւ «Նոր Սերունդ»-ի Կեդր. վարչութեան անունով Յակոբ Արթինեան: Խօսողները վեր առին Մ. Վարանդեանի մէջ` մտաւորականը, գրչի մարդը եւ հայրենանուէր գործիչը, թելադրելով, որ նոր սերունդը քալէ անոր անցած սրբազան ճանապարհէն:

 

Ռումանիոյ Հեռատեսիլը
Մարտիրոս
Սարեանի Մասին

12 յուլիսին, հինգշաբթի, ռումանական հեռատեսիլը, թատերական հաղորդումի միջնարարին, կատարած է հաղորդում մը կերպարուեստի մասին, որ նուիրուած է անուանի նկարիչ Մարտիրոս Սարեանին:

Յուլիս 19-ին Պուքրէշի Ստեփան Շահումեանի անուան մշակութային տան մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը: Այդ առիթով խօսած են փրոֆ. Պընեցեանու եւ Դաւիթ Ղժրիկեան:

 

Հայ Եկեղեցի
Նոյեան
Տապանին Մէջ

Փարիզի Մէկ Մատուռին Մէջ Կը Գտնուի
Այդ
Եկեղեցին

Ամերիկեան «Պոսթըն Թրիվլըր» թերթին մէջ (10 յուլիս) աշխատակից մը հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը.-

Արուեստի մասնագէտներ տակաւին չեն կրնար բացատրել հայկական եկեղեցիի մը գոյութիւնը` Նոյեան Տապանի մէջ քանդակուած, եւ որ կը գտնուի Փարիզի մէկ մատուռին մէջ:

Այս մատուռը կը կոչուի Լա Սենթ Շափել, եւ շինուած է 1244 թ.-ին, Ֆրանսայի Լուի 9-րդ թագաւորին կողմէ, Սուրբ Լուի, Փարիզի Իլ տը լա Սիթէ թաղին մէջ:

Շինուած էր իբրեւ մասունքարան խաչին վրայ Յիսուսի կրած փշապսակին մասունքներուն համար եւ Լուի թագաւորին ծախուած էր 2,2 միլիոն տոլարի:

Կոթական ոճով այդ մատրան մէջ հարթաքանդակներէն մին կը ներկայացնէ Նոյեան Տապանը, իսկ տապանին մէջ կը հանգչի եռայարկ եկեղեցի մը` հայկական ճարտարապետութեան նմուշ:

Հերըլտ Է. Կրեկըրի, Ուստրէն, ուսուցիչ` հանրային դպրոցներու եւ Աննա Մարիա քոլեճի, Փեքսթըն, ուշագրաւ պրպտում կատարած է այս նիւթին շուրջ:

Տապանին մէջ տեսնուած եկեղեցին կը նկատուի ըլլալ հայկական Զուարթնոց համբաւաւոր եկեղեցին` եօթներորդ դարէն, եռայարկ շէնք մը, հայկական եկեղեցիներու աւանդական սրածայր գմբէթով:

Կրեկըրի կը յիշեցնէ, թէ Ծննդոց Գիրքին մէջ տապանը նկարագրուած է իբրեւ եռայարկ նաւ մը:

«Սակայն ինչո՞ւ» կը հարցնէ Կրեկըրի ֆրանսացի քանդակագործ մը հայկական եկեղեցի մը պիտի դնէր Նոյեան Տապանի մէջ` անոր շինութեան ոճը ներկայացնելով:

Ու կ՛ըսէ, թէ ամէնէն հաւանական պատասխանը այն է, որ Նոյեան Տապանը հանգչեցաւ, ջրհեղեղէն ետք, Արարատ լերան վրայ, որ հայկական է:

Ապա կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ եկեղեցի մը պիտի դրուէր տապանին մէջ:

Կրեկըրի նախ կ՛ենթադրէ, թէ անծանօթ քանդակագործը հայկական եռայարկ ճարտարապետութիւնը գործածած է` երեք խորհրդանշական իմաստներով:

Առաջին` խորհրդանշելու համար տապանին երեք յարկերը:

Երկրորդ` խորհրդանշելու համար անոր վերջնական հանգստավայրը` Հայաստանը:

Երրորդ` ցոյց տալու համար տապանին կրօնական բնոյթը եւ շաղկապելով Հին եւ Նոր Կտակարանները:

Սակայն, կ՛ըսէ Կրեկըրի, իմացանք, թէ մատուռը նորոգուած էր, 1843-41-ին, եւ այդ աշխատանքներուն մէջ էր նաեւ, յայտնապէս, տապանին եկեղեցիի հարթաքանդակը:

Նորոգումները կատարուած են, ըստ պայմանագրութեան, Ժոֆրոյ-Տըշամ ընկերութեան կողմէ:

Ուրեմն հարցը կը մնայ տակաւին արուեստի մասնագէտներուն:

Ի՞նչ կը ներկայացնէ հայ եկեղեցին, Նոյեան Տապանին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement