Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Mon Jul 23, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր սպասած լուրը ուշացած է, այդ չի նշանակեր, որ մոռցուած էք: Երբ մարդիկ գոհունակ են եւ հանգիստ, ժամանակ մը կը մոռնան իրենց պարտականութիւնը: Լաւ լուրերը ուշ ճամբայ կ՛ելլեն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գեղարուեստի ձեր ձիրքը արտայայտեցէք ստեղծագործութեամբ մը: Կարեւորը արդիւնաւէտ օր մը ունենալն է: Հեռու մնացէք ծուլութենէ, կը շահիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճամբորդութեան մը համար բազմաթիւ միջոցներ կան: Ընտրեցէք ձեր նախընտրածը, որ եթէ օդանաւը չէ, կրնայ նաւը ըլլալ ծովերուն վրայ: Նաւապտոյտի մասին կրնաք մտածել:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը մտածէք գլուխ գլխի հանդիպում մը ունենալ ձեր սիրելիին հետ: Ջանացէք եզրակացութեան մը յանգիլ` առանց ընդդիմախօսութեան: Համերաշխ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Որքան զօրաւոր ըլլաք հաշիւի մէջ, սակայն եթէ մսխում ունենաք, չէք կրնար ծայրը ծայրին բերել: Խնայասիրութիւնն է լաւագոյն հաշուապահը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հոգեւոր գրականութեան վերաբերեալ գիրքերու ընթերցումը կրնայ թեթեւութիւն մը շնորհել` մտահոգութիւնները մոռնալու: Մնացէք լաւատես:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փառքը հետապնդելը իմաստ մը չունի: Ան շուքի կը նմանի, որքան ետեւէն երթաք, այնքան կը փախչի: Բախտը հրաւէրի չի սպասեր, ի՛նքը կու գայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տասն անգամ լեզուդ դարձուր բերնիդ մէջ` չըսելու համար այն գաղտնիքը, որ քեզի կը վերաբերի: Երկու հոգիին լսածը կրնայ տարածուիլ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երես մի՛ դարձնէք այն անձէն, որուն նոր ծանօթացած էք, բայց դեռ լաւ չէք ճանչնար: Պէտք է սպասէք ու համբերէք, որպէսզի վստահիք անոր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեր լսածին, որ ճշմարտութեան չի համապատասխաներ: Այս պարագային մնացէք շրջահայեաց: Ճշմարտութիւնը ինքզինք կ՛արտայայտէ ուշ կամ կանուխ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր հարազատները ձեր լուրերը կը սպասեն: Ո՛ւր որ ալ ըլլաք, ձեր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցէք: Օրը ունի լաւ ժամեր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ մոռնաք, որ առանձին չէք ապրիր, ունիք ընտանեկան պատասխանատուութիւն` նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Օգտակար եղէք ձեր շուրջիններուն` առանց դժգոհելու:

Leave a Reply

Advertisement