Յայտարարութիւններ ( 21 Յուլիս 2012 )
By adminx - Sat Jul 21, 5:54 am
- 0 Comments
- 273 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ճորճ Գարակէօզեան
Տէր եւ տիկին Մովսէս Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռոպեր Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆահիմ եւ Մարալ Պաայնի-Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Օրդ. Ռիթա Գարակէօզեան
Գարակէօզեան եւ Քերքեզեան ընտանիքներ
Անտէքեան եւ Քենտիրճեան ընտանիքներ
Պուտուրեան եւ Սթամպուլեան ընտանիքներ
Պաայնի եւ Քարմուշ ընտանիքներ
Աշքար եւ Մաալուֆ ընտանիքներ
Պարտաուիլ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց վաղամեռիկ թոռան, զաւկին, եղբօրորդւոյն եւ հարազատին`
ՃՈՐՃ ՄՈՎՍԷՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ելեկտրական արկածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` շաբաթ, 21 յուլիս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան` հանգուցեալին բնակարանը, Այնճար, իսկ կիրակի, 22 եւ երկուշաբթի, 23 յուլիսին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ յարակից «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ:
—————————————————————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Օրիորդներ Սիրուն եւ Սեւան Եագուպեան
Տէր եւ տիկին Երուանդ Եագուպեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Փասլիքեան եւ զաւակունք
Սոնիկ, Երանիկ եւ Անժել Եագուպեաններ
Պեզճեան եւ Մինասեան ընտանիքներ
Արմէնեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին, հօրեղբօր, աներոջ եւ հարազատին`
ԹՈՐՈՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1925-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 20 յուլիս 2012-ին, գիշերւան ժամը 9:30-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 21 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, հանգուցեալին բնակարանը, Տորա, Մար Եուսեֆ հիւանդանոցին դիմացի թաղը, իսկ կիրակի, 22 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ:
—————————————————————————————
Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ ԼՊՄ-ի ԸՎՄ-ի
Մասնակցութեամբ` Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններուն
ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ
115-ամեակին առիթով
ՊԱՏԱՆԻԻ ՕՐ
Օրուան բանախօս`
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————————
Բարձր Հովանաւորութեամբ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց
Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւնը
ուրախութեամբ կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու
ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ`
ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.-ի
օրհնագիրով պատուելու մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ անձերը, յանձին`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՍԱՐԳԻՍ ՊԷՕՃԵՔԵԱՆ
ոսկեայ յոբելեան եւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս նուիրումին
ԱՐԺ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԿԻՍ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ
40 տարուան խմբավար Արծիւեան եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան զոյգ երգչախումբերու
ՌՈԶԻՆ ԳԱՊԱՏԱՅԵԱՆ
30 տարուան երգեհոնահար Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումբի
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 22 յուլիս 2012-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, յաւարտ Ս. պատարագին:
Շնորհաւորութիւնները` եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՀԱԼԷՊ
ՄԵԹՐ ԳՐԻԳՈՐ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ:
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱՖԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԳՈՀԱՐ ԹԱԶԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատար- ւի կիրակի, 22 յուլիս 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————————————
ԵԿԷՔ, ԳՐԵՆՔ ՈՒ ԵՐԳԵՆՔ
«Վանայ ձայն»-ը իր այս յայտագիրով կը ներկայանայ իր այն ունկնդիրներուն, որոնք օժտուած են երգի բառեր գրելու բնատուր շնորհով: Հետեւաբար, այս նպատակով արեւմտահայերէնով գրուած ձեր գրաւոր փորձերը կրնաք յանձնել «Վանայ ձայն»-ի քարտուղարութեան, մինչեւ 31 յուլիս 2012` անոնց կցելով ձեր հեռաձայնի թիւերը:
Դատական կազմի գնահատումէն ետք ընտըրւած ստեղծագործութիւնը պիտի վերածուի երգի եւ ձայնագրուի, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան այլ պարգեւներ:
—————————————————————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կարիքը ունի աւարտական դասարանի ֆրանսերէնի եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչի մը, որ ունի համապատասխան վկայական եւ փորձառութիւն: Թեկնածուները կրնան դիմել վարժարանի տնօրէնութեան քարտուղարութեան կամ իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել administration@mesrobian.com հասցէին: Ֆաքս` 01-260504 (ext. 103):
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ծանուցումներու գրասենեակ մը կարիքը ունի երկսեռ ներկայացուցիչներու, արաբերէն գիտնալը` պայման, լաւ շահաբաժին, ինքնաշարժ ունենալը` պայման:
Հետաքրքրուղները կրնան «Սի. Վի.»-ն ղրկել az-adver@yahoo.com
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, «Սենթ Ռիթա» պողոտայ, 112 քառ. մեթր, վերելակ եւ կառատուն, դիմել` հեռ. 70- 339888 կամ 03-3353685
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Business Administration-ի մասնագիտութիւն ունեցող օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- kanekour@dm.net.
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 273 views
- Tweet
Email
Print



